2012-05-23 12:37:06

Քոֆի Անանի Նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ Ի Խնդիր Յուսաբեր Է Եւ Յոյժ Կարեւոր.
Կը յայտարարէ մետրապոլիտ Ժանպարթ Հալէպի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը ։


Երբեմնի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի նախաձեռնութիւնը ի խնդիր Սուրիոյ խաղաղութեան վերահաստատումին ու հաշտութեան մեծապէս յուսաբեր է Սուրիոյ ժողովուրդին համար, այսպէս յայտարարած է Հալէպի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը մետրապոլիտ Ժանպարթ ԱԲԻՔ կաթողիկէ գործակալութեան. յայտնելով իր ընդիմութիւնը ծայրայեղ մահմետականներուն՝ որ կը միտին իշխանութեան անցնիլ ու պարտադրել իրենց նեղ ու անհանդրժող տեսութիւնը Սուրիոյ ընկերութեան վրայ։ Մենք անդադար կ'աղօթենք որպէսզի Քոֆի Աննանի նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։ Հալէպի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը քննադատելով հանդերձ ներկայ Սուրիոյ վարչութիւնը, մաղթեց որ հետզհետէ յեղաշրջում կատարուի որպէսզի Իրաքի սխալը չի կրկնուի ու անիշխանութիւնը չտիրապետէ, որուն առաջին զոհը քրիստոնեաները պիտի ըլլան։ Սուրիոյ վարչաձեւը թէեւ մենատիրական է սակայն աշխարհիկ է եւ ոչ դաւանական։ Հոն երաշխաւորուած է կրօնքի յարգանքը։ Կարելի է հաստատել որ քրիստոնեան հաւասար իրաւունք ունի մահմետականին եւ կարող է բարձր պաշտօնի հասնիլ քաղաքական թէ քաղաքացիական գետնի վրայ։ Եկեղեցին մզկիթի նման յարգուած է, նոյնպէս եւ պաշտամունքը։ Հալէպի առաջնորդը յիշեցուց որ քրիստոնեաները Սուրիոյ մէջ կը գտնուին Պօղոս առաքեալի օրերէն իսկ եւ կարելի է ըսել որ անիկա Երուսաղէմի նման, եղաւ ՜՜օրրանը քրիստոնէութեան՝՝։
Սուրիան մարդկութեան տուաւ աշխարհռչակ սուրբեր, նահատակներ, Քահանայապետներ, մեծ հայրապետներ ու վարդապետներ, ու մեծ դեր ունեցաւ քրիստոնէութեան յեղաշրջումին մէջ։ Մետրապոլիտը ցաւ յայտնեց որ Արեւմուտքի որոշ մարդիկ առաջարկած են սուրիացի քրիստոնեաներու արտահանումը, ՜՜նման լուծում մը արմատախիլ կ'ընէ քրիստոնեաները ու զանոնք գաղթական կը դարձնէ, կը զրկէ երկիրը իրենց ներկայութենէն ու քրիստոնեա-իսլամ համակեցութեան վկայութենէն։ Քրիստոնեաները մեծապէս կը սատարեն երկրին ։ Մէկ խօսքով նման ծրագիր մը Արեւելքը կը պարպէ քրիստոնէութենէն։ Մենք գոհ ենք մեր Արեւելքէն, ու Արեւմուտքի եղբայրներէն կ'ականկալենք ոչ նիւթական օգնութիւն, այլ հասկացողութիւն, համակրանք ու բարոյական օգնութիւն՝՝։
Նշենք որ Սուրիոյ մեծամասնութիւնը սիւննին մահմետական է, ապա կու գան ալաուիթները, քրիստոնեաները եւ տիւրզիները։ Կան նաեւ շիիթ եւ իսմայէլի փոքրիկ հասարակութիւններ։ Մինչեւ 50ական թուականները 15 հազար հրեայ կ'ապրէին Հալէպի մէջ եւ ունէին 50 սինակոկներ ու դպրոցներ։ Իսրայէլի հաստատումէն ետք՝ անոնցմէ շատեր ԱՄՆի Պրուքլին եւ Նիւ Եորք շրջանները բնակութիւն հաստատեցին։ Ներկայիս փոքրաթիւ համայնք մը կայ Դամասկոսի մէջ։ Անոնց ինչքերը լաւ պահպանուած են իշխանութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.