2012-05-23 12:37:30

Նախագահական Պատմական Ընտրութիւններ Եգիպտոսի Մէջ ։


Այսօր 23 Մայիս Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՝ունենան նախագահական ընտրութիւնները։ 52 միլիոն եգիպտացիներ պէտք է ընտրեն 2-րդ Հանրապետութեան նախագահը` նախորդ վարչակարգին տապալման յաջորդած մօտ 15 ամիս տեւած խառնաշփոթ շրջանէ մը ետք:
Ընտրութիւնները, արմատապէս այլ ապագայ կը խոստանան այդ երկրին:Ընտրութիւնը` իբրեւ այդպիսին, նորութիւն է երկրի մը մէջ, ուր 30 տարի իշխեց Հիւսնի Մուպարէքը` «Փարաւոնը». Այդ բռնակալի օրօվ, ընտրութիւններու արդիւնքները կանխաւ յայտնի էին:
Ներկայ Ընտրութիւններուն երկրի կառավարութիւնը ստանձնած զօրավարները փոխարինելու հնարաւորութեան համար կը պայքարին՝ Արաբական Երկիրներու Լիկայի նախկին նախագահ եւ երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ամր Մուսան, որ փորձառու քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ է, բայց մէկ այլ թեկնածուի` Մուպարէքի վարչակարգին վերջին վարչապետ Ահմետ Շէֆիքի նման կը համարուի նաեւ հին վարչակարգի ներկայացուցիչ:
Ընդհանուր առմամբ Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարին 13 թեկնածուներ : Ընտրութիւններ տեղի կ'ունենան 13.000 ընտրատեղամասերու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.