2012-05-23 13:57:40

Համբարձման Տօնը Մարալանի Ս Աստուածածնի Նուիրուած Մատրան Մէջ։


Իրան։ Հինգշաբթի 17 մայիսին Համբարձման տօնին առթիւ հանդիսաւոր Ս պատարագ մատոյց Ատրպատականի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին հայկական դպրոցի աշակերտները։
Աւանդութիւն դարձած սոյն հանդիպումին՝ մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին թէ Ս Պատարագին եւ թէ դաշտագնացութեան. այս առթիւ նաեւ կատարուեցաւ համբարձման վիճակախաղը։
Ս. Զոհին ընթացքին պատարագիչ վարդապետը խօսեցաւ ՜՜Յարուցեալի Համբարձման՝՝ մասին ու Անոր պատգամին որ է ՜՜Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք, զանոնք մկրտեցէք Հօր Որդիին ու Ս. Հոգւոյն անունով՝՝։
Ս. Պատարագի ընթացքին հաւատացեալները մեծ թէ փոքր հաղորդուեցան Քրիստոսի Ս. Մարմնով եւ Արեամբ։
Այս առթիւ Մարալանի եկեղեցւոյ խնամակալ մարմինը պատրաստած էր ճաշկերոյթ մը ի պատիւ գերապայծառին ու պատգամաւորական ժողովի եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն, մինչ ժողովուրդը աւանդութեան համաձայն խումբ առ խումբ կը համտեսէին իրենց ճաշերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.