2012-05-23 12:37:22

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն
ՇԱՊՈՒՀ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ


9-րդ դարու միակ պատմիչն է Շապուհ Բագրատունի, որուն գործը սակայն մեզի չէ հասած. Բայց ապահով ենք որ ան գրած է պատմութիւն մը որ կ՛ընդգրկէ 790-884 տարիները , ուր կը պատմէ զանազան դրուագներ Բագրատունի եւ Արծրունի իշխաններու կեանքէն, ինչպէս նաեւ նոյն շրջանի արաբական արշաւանքներու մասին։ Այս ապահովութիւնը մեզի կու գայ իրմէ ետք եկող պատմիչներէն որոնք կը յիշեն իր գործը եւ նոյնիսկ անկէ մի քանի կտորներ ամբողջութեամբ կ՛աւանդեն մեզի։
Այս հեղինակը կը պատկանի Բագրատունի ընտանիքի երկրորդ ճիւղին, որդին է Անթիպատրիկ կոչուած Աշոտ իշխանին, եւ թոռնիկը Սմբատ Սպարապետին. Չենք գիտեր ստուգապէս թէ ան կղերական է թէ աշխարհական, որով երբեմն հոգեւոր խրատներ կու տայ իր գրութիւններուն մէջ, երբեմն ալ կրնանք ըսել գրեթէ հաճոյքով կը նկարագրէ բարքերով թեթեւ իշխաններու կեանքը։
Եթէ նկատի առնենք այն հատուածները որոնք մեզի հասած են եւ ըստ վկայութեան Յովհան Դրասխանակերտցի Կաթողիկոսի, Շապուհի գրութիւնները զուրկ են արուեստէ եւ լեզուն (ինչպէս կ՛ըսէ Կաթողիկոսը) գեղջուկ բանիւ է, այսինքն շատ հասարակ. Ճիշտ է որ ան գրած է գրաբար լեզուով, սակայն շատ պարզ բառեր գործածելով, թերեւս որովհետեւ կղերական չըլլալով` իր ուսումը թերի եղած էր։
1921-ին, Էջմիածնի մէջ հրատարակուեցաւ պատմական գործ մը որ ձեռագրէ մը հանուած կը թուի ըլլալ, սակայն անսկիզբ եւ անվերջ գրութիւն մըն է եւ չունի յիշատակութիւն հեղինակի. Ըստ պատմագէտներուն, կը թուի Շապուհի գործն ըլլալ. Անոր մէջ կը գտնենք հետեւեալ դրուագները.
Մուհամէտի կեանքէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ Մօրիկ կայսեր մասին.
Հերակլ թագաւորի արշաւանքը Պարսկաստան եւ Խաչի մասունքին վերադարձը իր գերութենէն. Կը պատմէ նաեւ թէ ինչպէս հայ իշխանուհի մը, Բիւրեղ Տիկին անունով, կը խնդրէ կայսրէն եւ կը ստանայ մաս մը Յիսուսի խաչափայտէն։
Մահմետականներու արշաւանքները դէպի Երուսաղէմ, Եգիպտոս եւ Հայաստան։
Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսի մեկնումը արաբ Ամիրապետին մօտ, անկէ ստանալու համար ներում, որպէսզի ան հրաժարի իր արշաւանքէն Հայաստանի վրայ։
Բուղայ արաբ ոստիկանին կողմէ գերի տարուածներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ նոյն ոստիկանին կատարած ասպատակութիւնները Հայաստանի մէջ։

Ի վերջոյ երկարօրէն կը պատմէ Գրիգոր-Դերեն անունով հայ իշխանի մը թեթեւաբարոյ կեանքը Հայաստանի մէջ, թերեւս որովհետեւ երկար ատեն գերի մնացած էր Արաբներու քով, անոնցմէ ժառանգած ըլլայ կարգ մը արտառոց բարքեր։
Ո՞վ է Գրիգոր-Դերեն։ Ան որդին էր Սահակ Արծրունի իշխանին եւ Սմբատուհիի, որ քոյրն էր Աշոտ Բագրատունի թագաւորին։ առանց շատ կարեւորութիւն տալու իշխանական կարգի պատշաճ ազնուական օրէնքներուն, ոչ ալ քրիստոնէական սկզբունքներուն, ան ինքիրեն իրաւունք կու տայ ուզածին պէս ապրելու եւ ազատօրէն գործելու, օրերը անցնելով խնճոյքներու եւ կերուխումի մէջ, ոտնակոխելով նոյնիսկ ժողովուրդի սրտին այնքան մօտիկ պահեցողութեան օրէնքները։
Այս զրոյցները գրուած են ժողովրդական լեզուով ու ոճով, պատմուած շատ կենդանի ու աշխոյժ արտայայտութեամբ։ Ափսոս սակայն որ Շապուհի գործը մեզի հասած չէ իր ամբողջութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.