2012-05-23 13:29:21

՜՜Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Հանդիպումը՝՝ Թիւերով


Յառաջիկայ 30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքին մէջ կը նշուի Ընտանիքի Համաշխարհային 7-րդ օրը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։
Երէկ, երեքշաբթի՝ 22 մայիսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի՝ ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ, Մամլոյ Ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցաւ ՜՜ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7-րդ Օրը որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքին մէջ 30 մայիսէն - 3 յունիս ունենալով որպէս բնաբան <<Ընտանիքը։ աշխատանք ու տօնակատարութիւն>>։
Մամլոյ Աուսլիսին ընթացքին իր ելոյթին մէջ, Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը` Կարտինալ Էննիօ Անթոնելլին մատնանշեց 2012-ի հաւաքի պատրաստողական ձեռնարկներուն մասին ու նշեց թէ Միլանօյի Ընտանիքներու 7րդ հաւաքը սկիզբ առած էր 2009-ին Մէքսիքոյի մէջ գումարուած ընտանիքի 6րդ համաշխարդային հաւաքի աւարտին։ Կարտինալ Անթոնելլին հուսկ այնտեղ ներկայ լրագրողներուն փոխանցեց զանազան կարեւոր տեղեկութիւններ։ Ապա Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Անճէլօ Սքոլա խօսք առնելով հակիրճ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց ՜՜ Ընտանիքի Համաշխարհային Օրուայ՝՝ մասին մեկնելով բնաբանէն՝ որը հիմնուած է 2006 -ի Վերոնայի մէջ գումարուած՝ Իտալական Եկեղեցւոյ Ազգային Համաժողովի տուած ուղղութիւններուն վրայ։ Միալնոյի առաջնորդը հուսկ շեշտը դրաւ ընտանիքի կարեւորութեան վրայ, որպէս այր ու կնոջ միջեւ սիրոյ հաւատարիմ արտայայտութիւն, մատնանշելով նաեւ՝ այսօրուայ ընկերութեան մէջ ընտանիքի դժուարութիւններուն ու այս ուղղութեամբ յատուկ քաղաքականութեան մը կարեւորութեան, յաղթահարելու ընտանիքի ապրած դժուար տագնապները։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ՝ Փրոֆ. Փիէրբաօլօ Տոնաթի` դասատու ընտանիքի ընկերաբանութեան, Պոլոնիայի համալսարանի մէջ, որ ներկայացուց <<ընտանիքը՝ ընկերութեան աղբիւր>> վերտառութեամբ իր գիրքը։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ Ընտանիքի 7րդ Համաշխարհային օրուայ հայող թիւեր.
Աւելի քան 11 հազար ընտանիքներ իրենց օճախներէն ներս կը հիւրընկալեն 34.000 այցելուներ, մինչ Միլանօ թեմի ժողովրդապետութիւնները ուխտաւորներուն տրամադրած են 13.000 անկողիններ։ Վկայութեան Տօն ձեռնարկի մասնակիցներուն թիւը կը հասնի 300.000 իսկ Սրբազան Քահանայապետի Մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեան պիտի մասնակցին աւելի քան 1.000.000 հաւատացեալ։ Կամաւորներու թիւն է 5.000 մինչ 6900 անձեր արձանագրուած են մասնակցելու հովուական աստուածաբանական գիտաժողովին։ Ընտանիքի համաշխարադյին օրուայ կայքէջի www.family2012.com այցելուներու թիւը գերազանցած է 633 հազարը մինչ հազարէն աւելի աշխարհի զանազան երկիրներէ լրագրողներ խնդրագիր ներկայացուցած են մասնակցելու եւ հետեւելու Միլանոյի այս կարերւոր եկեղեցական ձեռնարկին։







All the contents on this site are copyrighted ©.