2012-05-22 14:53:42

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական խմբագրականը
Խղճի Ազատութիւնը եւ Կրօնը։


Հայր ֆետերիքօ լոմպարտին իր Օգթավա Տիէս վերտառութեամբ շաբաթական խմբագրականին մէջ, այս շաբաթ անդրադարձաւ Խղճի ազատութիւնը եւ Կրօնը նիւթերուն։
Ռատիովատիկանի տնօրէնը ակնարկեց Գանատայի եպիսկոպոսներուն, այս նիւթին շուրջ վերջերս հրատարակած՝ հովուական թուղթին, ու ընդգծեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին այս առնչութեամբ ուղղած բազմաթիւ կոչերն ու պատգամները։
Յիսուսեան Միաբանաութեան անդամ Հայր Լոմպարտին հուսկ յայտնեց թէ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, աշխարհի երկիրներու աւելի քան 70 առ հարիւրը իրաւական եւ տնտեսական սահմանափակումներ կը բանեցնեն որոնք իքնաբերաբար հաւատացեալները կը զրկեն իրենց անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներէն ։ Ուրիշ ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ի յայտ կու գայ թէ՝ աշխարհի վրայ կատարուած կրօնական հալածանքներէն 75 տոկոսը քրիստոնեաներու դէմ կը պատահի։ Հայր Լոմպարտին ապա կը խօսի յարաբերականութեան վտանգին մասին, որ օրէ օր աւելի յարձակողական կը դառնայ , բոլոր այն մարդոց հանդէպ որոնք կ՛ըսեն թէ գիտեն ուր կը գտնուի ճշմարտութիւնը կամ կեանքի բուն իմաստը։ Եւ այս վտանգը միշտ աւելի զգալի է արեւմտեան աշխարհի մէջ, ու այս ուղղութեամբ է որ՝ այժմ Գանատայի եպիսկոպոսներուն Հովուական նամակը, կ՛ուզէ ընգծել կրօններու իրաւունքը միջամտելու հրապարակային կեանքի մէջ, միշտ յարգելով Պետութեան ու Եկեղեւոյ միջեւ ուղիղ յարաբերութիւնները, կազմելով խիղճերը ճանչնալու անկողմանկալ ճշմարտութիւնը եւ պահպանելու խղճի ազատութեան իրաւունքը։

Հաւատացեալներն ու Եկեղեցիները ուրիշ բան չեն փնտռեր եթէ ոչ հասարակաց բարիքը, եւ անոնք այսպէս պէտք է ընեն, առանց իրենց խիղճը կամ իրենց հաւատքը բռնութեան ենթարկելու։ Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ մեզի նեցուկ կը կագնի մեր ժամանակաշրջանին հետ ունենալու բաց եւ շահեկան երկխօսութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.