Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Անդամներու Այցը Զմմառու Վանք։
Երկուշաբթի օրը 21 մայիսի առաւօտեան, Զմմառու Վանք այցելեցին, Հայկական ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեամբ,
Պէյրութի ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերէն մօտաւորապէս 150 հոգի: Անոնք այցելեցին Վանքի եկեղեցին
ու աղօթեցին: Ապա հերթաբար այցելեցին թանգարանն ու Մատենադարանը: