2012-05-22 14:54:18

Էջ Մը Հայոց Հայոց Պատմութենէն
ԱՐՇԱԿՈՒՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ (330– 378)


Տրդատ Գ-ի յաջորդող Արշակունի թագաւորները նոյն մեծութիւնը ցոյց չի տուին եւ յաճախ ալ երկրի մէջ երկպառակութիւն ստեղծեցին, մանաւանդ նախարարներու միջեւ։ Բարեբախտաբար սակայն Մամիկոնեան Տունը տուաւ քաջարի ասպետներ, որոնք ճգնաժամային վայրկեաններուն` ազատեցին Հայաստանը թշնամիներու ձեռքէն. Պարսկական պետութեան վրայ կը տիրէր այդ շրջանին Շապուհ Բ. երկարակեաց կոչուած թագաւորը, որ ամէն ջանք թափեց ջնջելու համար Արշակունեաց թագաւորութիւնը եւ Հայաստանը կցելու Պարսկաստանին, որպէս պարսկական նահանգ։ Բիւզանդիոնի – Նոր Հռոմի – կայսրերը, փոխանակ պաշտպան կանգնելու եւ պահելու անկախ Հայաստան մը, որ իրենց համար պատուար մը պիտի ըլլար Պարսիկներու դէմ, նախընտրեցին Հայաստանը իր փախտին ձգել, եւ թողուլ որ զոհ երթար Իրանի։
Խոսրով Բ. Կոտակ (330-339)
Տրդատի յաջորդեց իր որդին Խոսրով Բ. ( կոչուած Կոտակ) իր կարճ հասակին պատճառաւ. Բնաւ իր հօր քաջութիւնը չունեցաւ. Ատրպատականէն բաժին մը, զոր Դիոկղետիանոս նուիրած էր Տրդատի, իր յաղթանակին համար, ետ դարձուց Պարսիկներուն եւ ստիպուեցաւ պատերազմիլ կովկասեան ցեղերու եւ պարսիկներու դէմ միանգամայն. Բարեբախտաբար Վաչէ Մամիկոնեան փրկեց կացութիւնը ամէն կողմ յաղթանակներ տանելով։
Տիրան ( 340-351)
Տիրան յաջորդեց իր հօրը. Սակայն տակաւին երիտասարդ ու անփորձ, բազմաթիւ սխալներ գործեց, մանաւանդ երբ Յուսիկ Կաթողիկոսը, որ զինք յանդիմանած էր իր գէշ վարքին համար, բռնեց եւ ծեծի տակ սպաննել տուաւ։ Ինք եւս, գերի տարուեցաւ Տիզբոն, ուր Շապուհ կուրցնել տուաւ իր աքչքերը. մեռաւ յուսահատ վիճակի մէջ 27 տարեկանին։
Արշակ Բ. (351-367)
Արշակի օրով կացութիւնը քիչ մը լաւացաւ. Սակայն 363-ին, Բիւզանդացիները ամօթալի դաշինք մը կնքեցին Պարսիկներուն հետ, ուր անոնց կը յանձնէին Միջագետքը, Սուրիան եւ Արեւելեան բոլոր նահանգները, իսկ Հայաստանը կը լքէին իր ճակատագրին։ Արշակ ինք եւս, յետ զեղծումներ ընելու ( թունաւորեց իր Օլիմփիա թագուհին եւ սպաննել տուաւ իր Գնէլ եղբօրորդին, ամուսնանալու համար անոր կնոջ` Փառանձեմի հետ, ապա գահընկէց ըրաւ Ներսէս Ա. սուրբ Կաթողիկոսը,)կանչուեցաւ Տիզբոն, Պարսիկներու մայրաքաղաքը, ուր Շապուհ, յետ սպաննելու Վասակ Մամիկոնեանը, բանտարկեց Արշակը Անյուշ բերդին մէջ, ուր եւ անձնասպան եղաւ։
Պապ Թագաւոր (369-374)
Փառանձեմ թագուհին փորձեց դիմադրել պարսիկներուն, սակայն ձախողեցաւ եւ որոշ շրջանի մը համար Հայաստանը անցաւ Պարսիկներու ձեռքը, մինչեւ որ Մուշեղ Մամիկոնեան, Վասակի որդին, քաջարի պատերազմներով, կրցաւ ետ անկախացնել Հայաստանը եւ Արշակի որդին` Պապը նստեցնել արքայական գահին վրայ։ Պապ մեծ սխալը գործեց բռնագրաւելու եկեղեցական կալուածներու գրեթէ կէսը. Ինք եւս դաւադրաբար սպաննուեցաւ հռովմայեցի զօրավարէ մը։
Վարազդատ Թագաւոր(374-378)
Պապի յաջորդեց Վարազդատ որ եղաւ անարժան թագաւոր մը, որով դաւադրութեամբ սպաննել տուաւ ազգային հերոս` Մուշեղ Մամիկոնեան զօրավարը։ Մուշեղի որդին` Մանուէլ, զինք դուրս վտարեց Հայաստանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.