2012-05-22 14:55:20

Արամ Խաչատրեանի Անուան Միջազգային Մրցոյթ։


Հայ մեծ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի կարեւորութիւնը եւ աւանդը համաշխարհային երաժշտական մշակոյթին մէջ մեծապէս ներկայ է : Այս տաղանդի ստեղծագործութիւնները հոգեհարազատ եւ սիրելի են աշխարհի տարբեր մասերը,եւ թէ անոր երաժշտութիւնը կրնայ իրաւամբ համարուիլ համամարդկային ժառանգութիւն:
Նկատի առնելով այս անհերքելի փաստը` 6-13 Յունիս 2003-էս սկսեալ Երեւանի մէջ կ’իրականացուի Արամ Խաչատրեանի անուան Միջազգային Մրցոյթը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ մրցոյթի նախաձեռնող խումբը, նշելով, որ ի սկզբանէ մրցոյթը ուղղուած էր երեք մասնագիտութիւններով` դաշնամուր, ջութակ եւ թաւջութակ, շնորհալի երիտասարդ երաժիշտներու բացայայտման, բայց 2011-էն անոր մասնակցութեան իրաւունք ընձեռուեցաւ նաեւ երիտասարդ երաժշտահաններուն:

Նախագիծը կեանքի կը կոչուի ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան, «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամին ու Կոմիտասի անուան Երեւանի պետական երաժշտանոցի համատեղ ջանքերուն իբրեւ արդիւնք եւ կը կայանայ ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, որ եւ միեւնոյն ժամանակ կը հանդիսանայ մրցոյթի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր նախագահ:








All the contents on this site are copyrighted ©.