2012-05-22 14:54:59

ANCA-ի (Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնաժողով) Հեռուստամարաթօնին Առիթով Արամ Ա-ի Կոչը ։


Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնաժողովի (ԱՀԴՅ) Նուիրատւութեան հեռուստամարաթօնը վերջ գտաւ , որուն իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է 2,2 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Նախորդ անգամ` 2009-ին, եղած էր մօտ 2,5 միլիոն տոլար նուիրատւութիւն:
Արամ Ա. Վեհափառը իր Կոչին մէջ կ'ըսէ,- «Մենք միայն պիտի չյիշենք, մենք միայն պիտի չյիշեցնենք, մենք միայն պիտի չնշենք: Մենք պիտի պահանջենք: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք: 1,5 միլիոն հայեր կորսնցուցած ենք, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կատարուած է մե'ր ժողովուրդին դէմ: Հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, դպրոցներ, հիւանդանոցներ քանդուած են ցեղասպանին կողմէ: Այսօր մենք աշխարհին կը ներկայանանք իբրեւ պահանջատէր ժողովուրդ: Հետեւաբար՝ նիւթապէս եկէք մասնակից դառնանք այն առաքելութեան, որուն նպատակն է հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամէն տեղ՝ աշխարհին ներկայացնել աւելի կազմակերպուած ձեւով: Թող Աստուած օրհնէ ձեր բոլորը»:
Ըսենք որ այս առիթով կոչ ուղղած է նաեւ ամերիկացի մոտէլ,ծագումով հայ Քիմ Քարտաշեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.