2012-05-21 11:56:51

Ուժգին Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Հիւսիսային Իտալիոյ Էմիլիա-Ռոմանիա Մարզը։


Կիրակի առաւօտ, կանուխ ժամերուն, Ռիխթըրի աստիճանաչափի վրայ 6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հիւսիսային Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա Մարզը։ Երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Իտալիոյ հարուստ շրջաններէն Մոտենայի եւ ֆերրարայի միջեւ: Կան 7 մեռեալներ,50 վիրաւորներ եւ աւելի քան 3 հազար տեղահանուած բնակչութիւն։ Պարպուած են նաեւ երեք Հիւանդնաոցներ եւ ֆէրրարայի բանտի 500 բանտարկեալները փոխադրուած են ։
Երկրաշարժին պատճառով շրջանին պատմական կառոյցները, ներառեալ` եկեղեցիներ, աշտարակներ եւ 14-րդ դարու դղեակ մը մեծապէս վնասուեցան։ Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթի որ Ամերիկա Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր կանխեց իր վերադարձը Իտալիա։
Մինչ այդ Իտալական Գարիթասի Տնօրէնը Հայր ֆրանչէսքօ Սօտտու արդէն այցելեց երկրաշարժէն տուժած վայրերը,ընկերակցութեամբ Էմիլիա Ռոմանիա մարզի Գարիթասի Պատուիրակութեան, մօտէն քննարկելու համար կացութիւնը ,կարենալ անմիջապէս հարկ եղած անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կատարելու դիտաւորութեամբ տեղւոյն տուժած բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.