2012-05-21 11:44:07

Հաւատոյ Տարին Համայն Եկեղեցւոյ Համար Է Կը Հաստատէ Գերապայծառ ֆիզիքելլա։


Նոր Աւետարանացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլա, անցեալ 14 մայիսին Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, հաստատած է որ <<Հաւատոյ Տարին համայն եկեղեցւոյ Համար է>> Շատ մը քրիստոնեաներու մէջ տիրապետող հաւատոյ տագնապի դիմաց եկեղեցին անգամ մը եւս պէտք է կարող ըլլայ նոր խանդավառութեամբ ցոյց տալու Քրիստոսի իսկական դիմագիծը։

Այս յատուկ տարին, որ հաստատուած է Քահանայապետի կողմէ սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին։ Հաւատոյ մասին հարցադրանք ներկայացնելը - ըսած է գերապայծառ ֆիզիքելլան - աշխարհէն հեռանալ չի նշանակեր, այլ ըմբռնել պատասխանատուութիւնը որ ունինք մարդկութեան հանդէպ մեր պատմական դարաշրջանի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.