2012-05-21 11:41:15

՜՜Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Հանդիպումին՝՝ Կը Մասնակցին Աշխարհի 145 Երկիրներ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի մէջ պիտի մասնակցի ՜՜Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Հանդիպումին՝՝ այս առթիւ՝ աշխարհի զանազան ցամաքամասերու երկիրներէն եւս (շուրջ 145) յատկապէս Սպանիայէն, ֆրանսայէն, Խրուաթիայէն եւ Արժանթինէն ներկայացուցիչներ կը ժամանեն Միլանօ մասնակցելու սոյն համաժողովին։
Մասնակցողներուն ցանկին մէջ կան նաեւ՝ գաղթականներ (մեծ թիւով) որոնք այլեւս որպէս գաղութ՝ ֆիլիպինցի, բերուացի եւ էքուատորցի մաս կը կազմեն քաղաքի բնակչութեան եւ հանդիպումին համար զանոնք ներկայացնող բազմաթիւ ընտանիքներ կը մասնակցին։
Կազմակերպչական գործին մէջ իրենց նպաստը կը բերեն հինգ հազար կամաւորներ՝ անոնք եւս բազմաթիւ ազգերու պատկանող, անոնց մէկ մասը կու գայ, այս առիթին համար, մաս մըն ալ արդէն բնակութիւն հաստատած է Միլանոյի մէջ ու կ՝ապրի թեմի ժողովրդապետութիւններուն մէջ։
Յիշենք որ՝ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը որոնք կամաւորներ են, ու իրենք զիրենք դրած են ՜՜Միլանոյի Ընտանիքներու Հաստատութեան՝՝ տրամադրութեան տակ, ֆիլիպինցի են։ Արդ դիպուածով չէր որ՜՜Ընտանիքի Դ. Համաշխարհային Հանդիպումը՝՝ 2003-ին կայացած էր Մանիլայի մէջ։ Եւ ճիշտ այդտեղէն պիտի գայ Ասիոյ ցամաքամասի ամենանշանակալի պատուիրակութիւնը։
Գիտաժողովին՝ որ տեղի պիտի ունենայ ՜՜ֆիէրամիլանոսիթի՝՝ սրահին մէջ, (30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս) ելոյթ պիտի ունենան 27 երկիրներէն բանախօսներ, եւ հովուական աստուածաբանական գիտաժողովի 104 դասախօսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.