2012-05-20 13:06:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Ողջ Լեր Թագուհի'' Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 20 Մայիս 2012-ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որ Յիսուսի Երկինք Համբարձման մասին կը խօսէին եւ որուն յիշատակութիւնը շատ մը երկիրներու մէջ այսօր կը կատարուի մինչ կաթողիկէ եկեղեցին զայն նշած էր անցեալ հինգշաբթի 17 մայիսին։

Համաբարձումը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեզի կը յայտնէ թէ Յիսուսով մեր մարդկութիւնը կը բարձրանայ դէպի Աստուած։ Ամէն անգամ որ աղօթենք, մեր աղօթքը խունկի նման կը վերանայ դէպի երկինք ու կը հասնի Աստուծոյ որ ունկնդրելով մեր աղերսանքները կ՛իրականացնէ զանոնք։

՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Հաղորդակցութեան 46րդ Համաշխարհային Օրուայ մասին որ կը նշուի այսօր եւ որուն բանաբանն է ''Լռութիւնը եւ խօսքը. աւետարանութեան ճանապարհ''։ Նորին Սրբութինը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի հաղորդակցութիւնը, ոեւէ ձեւով ալ որ ներկայանայ, ծառայէ ուրիշին հետ անկեղծ երկխօսութիւն մը հաստատելու որ հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի` ունկնդրութեան եւ բաժնեկցութեան վրայ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ հինգշաբթի 24 մայիսին նշուելիք Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնի մասին որ - ըսաւ Ան - Շանկհայի սրբավայրին մէջ մեծ պաշտամունքի արժանի է ու հրաւիրեց կաթողիկէ աշխարհը միանալու Չինաստանի մէջ ապրող իրենց եղբայրակիցներու աղօթքներուն որպէսզի անոնք խոնարհութեամբ աւետեն Քրիստոսի մահն ու Յարութիւնը եւ հաւատարիմ մնան իրենց հաւատքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Իտալական <<Կեանքի Ի Նպաստ>> շարժումի` սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող բազմաթիւ անդամներուն, քաջալերելով զիրենք շարունակելու կեանքի պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց յանձնառումը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու խօսքը եզրափակեց յիշելով Իտաիիոյ Պրինտիզի Քաղաքի մէջ, շաբաթ 19 մայիսի առաւօտեան, դպրոցի մը մուտքին գործադրուած վայրագ ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ եղաւ 16 ամեայ Մէլիսսան ու շատ մը ուրիշ պատանիներ վիրաւորուեցան։ Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ Իտալիոյ Էմիլիղա Րոմանիա Մարզի մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժի զոհերը, շրջանի բնակչութեան յայտնելով իր մօտիկութիւնը ։

Նորին Սրբութիւնը խնդրեց բոլորին աղօթքը ու յայտնեց իր անձնական մօտիկութիւնը` յայցելով Սատուծոյ ողորմութիւնն ու մխիթարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.