2012-05-20 13:07:28

2012-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օր
''Լռութիւն Եւ Խօսք. Աւետարանութեան Ճանապարհը''։


Կիրակի 20 մայիս 2012 կը նշուի 2012-ի Հաղորդակցութեան 46րդ Համաշխարհային Օրը որ ունի որպէս բանաբան
''Լռութիւնը եւ խօսքը. աւետարանութեան ճանապարհ''։ Սրբազան Քահանայապետին այս պատգամը լոյս տեսած էր անցեալ 24 յունուար 2012-ին, լրագրողներու պաշտպան սուրբին՝ Ս. ֆրանչիսքոս տը Սալեսին տօնին օրը ։

Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, հաղորդելով 2012 ի պատգամին բնաբանը մամուլին, յայտնած էր որ Սրբազան Քահանայապետին համար լռութիւնը ամբողջարար գործիչ մըն է։ Լռութիւնը կարելի է նկատել հիմնական պահը ընդունելու՝ ՜՜ Աստուծոյ խօսքը՝՝։ Լռութիւնը եւ խօսքը հաւասարակշռելով կը հարստանայ հաղորդակցութեան արժէքը, եւ կը դառնայ բանալին նոր աւետարանացումի։ Նշենք որ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրը, միակ համաշխարհային համախմբութիւնն է, հաստատուած՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն 1963-ին եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ սոյն օրը կը նշուի Պենետեկոստէի տօնը կանխող կիրակին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.