2012-05-19 12:12:48

Լիբանան ՜՜Մայրերու Օրը՝՝ Պուրճ Համմուտի Մէջ-Պէյրութ։


Պուրճ Համմուտի Հայ կաթողիկէ Միութեան սրահին մէջ 19 մայիսի առաւօտեան, պիտի նշուի ՜՜Մայրերու Օրը՝՝ կազմակերպուած Ս. Մեսրոպի Արիներու կողմէ։ Իսկ 20 մայիսին Սրբուհի Ռիթայի Տօնին առթիւ որ կը յիշատակուի 22 մայիսին, Պէյրութի Մխիթարեան Միաբանութեան Վանքին մէջ ( Ռաուտա) Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ պիտի կատարուի ՜՜Ուխտի Օր՝՝ Սրբուհի Ռիթային։ Ամէն Տարի մեծ թիւով հաւատացեալներ կը փութան այդտեղ աղօթելու ու սրբուհիին բարեխօսութեամբ շնորհքներ խնդրելու ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց ընդունած պարգեւներուն համար։
Սրբուհի Ռիթայի Տօնին օրը 22 մայիսի առաւօտեան Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ եւս կը նշուի սրբուհիին տօնը Ս. Պատարագով։ Իսկ երեկոյեան Այնճար հայաշատ գիւղաքաղաքի ՜՜Ս. Վարդարանի Տիրամայր՝՝ անուան ժողովրդապետութեան մէջ Սրբուհի Ռիթայի Օրը կը տօնակատարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.