2012-05-19 12:32:27

՜՜Միացած Եւ Ուրիշներուն Բաց՝ Ընտանիքը, Աշխատանքը Եւ Տօնը՝՝ Հատորին Ներկայացումը Հռոմի Մէջ։


Ի պատրաստութիւն՝ ընտանիքներու Է. համաշխարհային հանդիպումին, որ պիտի կայանայ Միլանոյի մէջ, 30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս, երկուշաբթի 21 մայիսի երեկոյեան՝ Հռոմի մէջ, ներկայացումը կը կատարուի ՜՜Միացած եւ ուրիշներուն բաց՝ Ընտանիքը, Աշխատանքը եւ Տօնը՝՝ հատորը, Հ. Ճանֆրանքօ Կրիէքոյի եւ Ներիա Տէ Ճովաննիի կողմէ։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի եւ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսութեան կողմէ լոյս տեսած՝ ՜՜Ընտանիքը, Աշխատանքը եւ Տօնը՝՝ հատորէն ետք, այս երկրորդ հատորը աւելի մասնակից կը դարձնէ ընթերցողը ըմբռնելու Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին գաղափարը ՜՜ ընտանիքի՝՝ թեմային մասին։
Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը 2006-ին՝ Վալենսիայի մէջ ՜՜Ընտանիքի Զ. Համաշխարհային Հանդիպումին՝՝ ընթացքին, իր արտասանած խօսքին մէջ, շեշտը դրած էր ընտանիքի կարեւորութեան ու արժէքին հիմնուած՝ ամուսնութեան խորհուրդի վրայ, ու զաւակները որպէս սիրոյ ու նուիրումի պտուղը, որակելով ընտանիքը անփոխարինելի գանձ մը զոր պարտինք բոլորս պահպանել մեծ պատասխանատուութեամբ, ըսած էր Նորին Սրբութիւնը։
՜՜Միացած եւ ուրիշներուն բացուած՝ Ընտանիքը, Աշխատանքը եւ Տօնը՝՝ հատորին նախաբանը գրած են կարտ. Էննիօ Անթոնելլի՝ նախագահը Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին, եւ կարտ. Անճելօ Սքոլա Միլանոյի արքեպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.