2012-05-18 13:23:04

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 18 մայիսի յետ միջօրէի՝ ժամը 5ին, Նափոլիի ՜՜Սուրբ Պետրոս Նահատակ՝՝ անուան եկեղեցւոյ մէջ ներկայացումը կը կատարուի <<Շահպազ Պհաթթի. Փաքիստանի քրիստոնեայի մը կեանքն ու Մահը>> վերտառութեամբ գիրքին։
Հանդիպումին ելոյթ կ՛ունենան բացի գիրքի հեղինակներէն` Րոպէրթօ Ծուքքոլինի եւ Րոպէրթօ Փիէթրոլուչչի, Նափոլիի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Քրէշէնցիօ Սեփէ, Տիար Փոլ Պհաթթի` Փաքիստանի վարչապետի կրօնական փոքրամասնութիւններու խորրհրդատուն, եւ փրօֆ. Լուիճի Րոսսի՝ Սալէրնոյի համալսարանի դասատու։ Ներկայացումը կը վարէ Գերապայածառ Ճինօ Պաթթալիա՝ տնօրէնը իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան ազգային գրասեանեակին ։

Յառաջիկայ 23 մայիսին (2012) Զուիցերիոյ Մութիէ նահանգին մէջ տեղի կ՛ունենայ դասախօսութիւն մը <<Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները. ներկայ եւ ապագայ>> նիւթին մասին զոր կը կատարէ ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան անդամ՝ Հայր Անթուան Ապի Ղանէմ։


Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Օրուայ Պատրաստութիւններու Գործընթացքը։

Այսօր կէսօրին Միլանոյի Առաջնորդարանի Դասախօսութիւններու Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու՝ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ օրուայ պատրաստութիւններու գործընթացքը։ Նշենք որ վերոյիշեալ ՜՜Ընտանինքներու Օրը՝՝ տեղի կ՛ունենայ մայիս 30 էն մինչեւ 3 յունիս ու վերջին երկու օրերուն հանդիպման իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։ Մամլոյ Ասուլիսը կը ներկայացնեն Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան, Միլանօ Ընտանիքի 2012-ի Հիմնադրամի նախագահը՝ գերապայծառ Էրմինօ Տէ Սգալցի, Հիմնադրամի ընդհանուր քարտուղարը՝ Հայր Լուգա Վիօլինի ու այլ աշխարհական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ որոնց շարքին Միլանոյի Կուսակալ՝ Տիար Ճան Վալէրիօ Լոմպարտի։








All the contents on this site are copyrighted ©.