2012-05-18 12:16:23

Դրամատուներու Պատասխանատուներու Առաջին Ուրբաթ Օրուայ Պատարագը։-


Ժընեւի մէջ, ամսոյն ամէն առաջին ուրբաթ օրը`որ նուիրուած Յիսուսի Ս. Սրտին, պատարագ կը մատուցուի սեղանաւորներու՝ Դրամատուներու Պատասխանատուներու, համար, որուն կը յաջորդէ Ողջ լեր Թագուհի աղօթքը նուիրուած Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Ամսական հերթական ծիսակատարութիւնը կարելի եղած է կազմակերպել նախաձեռնութեամբ՝ սեղանաւոր տիկին Մարինայի, որ գերմանական Զուիցերիոյ օրաթերթին մէջ ազդ մը հրատարակած էր, նշելով որ քրիստոնեայ սեղանաւորները միատեղ կը հաւաքուին, այս տագնապալից աշխարհի մէջ, միասնաբար աղօթելու Ժընեւի Յիսուսի ս. Սրտի նուիրուած մատրան մէջ։
Նշենք որ Տիկին Մարինա Փարիզի մէջ իր համալսարանական տարիներուն ընթացքին իր բարեկամներու հետ միասին կը մասնակցէր նման նախաձեռնութեան մը որ ունէր որպէս անուն ''Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սերունդը''։ Տիկին Մարինա առաջադրած է կազմակերպել Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքը մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն ու Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 2004-ի Լուրտի սրբավայրին մէջ արտասանած խօսքը մտաբերելով. ''կիներ` դուք էք պահակները Անտեսանելիին'' եւ որպէս քրիստոնեայ, աշխարհի մէջ եմ առանց աշխարհէն ըլլալու, կ'ուզեմ վկայութիւն տալ իմ քրիստոնէական հաւատքին եւ ըսել, որ կարելի է երջանիկ ըլլալ ամենապարզ բաներով, եւ հարազատ ու անկեղծ կապեր մշակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.