2012-05-18 12:15:08

Human Rights Watch Ատրպէյճանէն Պահանջած է Ազատ Արձակել Կեղծ Մեղադրանքներով Ձերբակալուած Ընդդիմադիրները Ու Լրագրողները։


Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ազատ արձակեն Իշխանութեան ՝՝ընդդիմադիր՝՝ անձերը։ Այս մասին յայտարարած է Human Rights Watch Միջազգային Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը:
Մայիս 22-26 կայանալիք Եւրոտեսիլ 2012-ի մրցոյթէն առաջ իշխանութիւնները պէտք է խօսքի ազատութիւն ՝՝երաշխաւորեն՝՝ ցուցարարներուն համար(որոնք խաղաղ ցոյցեր կը ծրագրեն Պաքուի մէջ) ինչպէս նաեւ` հազարաւոր տեղացի եւ մրցոյթը լուսաբանող արտասահմանցի լրագրողներու համար ալ խօսքի ազատութիւն պէտք է որ ՝՝երաշխաւորուի՝՝:
Ըստ Human Rights Watch-ի, Մայիս 15-ին Էլնուր Մաճիտիի ազատ արձակումը անսպասելի էր: Ան ազատ արձակուած է բանտին մէջ իրականացած դատական լսումէն ետք` իր ներկայացուցած դիմումին հիման վրայ: Մաճիտի ձերբակալուած էր 2 Ապրիլ 2011-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցող խաղաղ ցոյցին ժամանակ` հարիւրաւոր այլ ցուցարարներու հետ:2011 Ապրիլին ձերբակալուած առնուազն տասը հոգի կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ:

Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ Ատրպէյճան թշնամական կը դրսեւորէ իրեն, նաեւ երբ խօսքը կը վերաբերի արտայայտուելու այլ ձեւերու, մասնաւորապէս` իշխանութիւններու քննադատութեան:

Ատրպէյճանի բանտերուն մէջայժմ կան վեց լրագրողներ , մէկ պլոկըր մը , եւ երկու իրաւապաշտպաններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.