2012-05-17 11:27:53

Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը ֆրանսայի Նոր Նախագահին։
Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ ֆրանսան Յարգէ Իր <<Բարոյական Եւ Հոգեւոր Աւանդութիւնները>>


Ֆրանսայի նորնտրեալ նախագահ ֆրանսուա Հոլլանտի ուղղած շնորհաւորական իր պաատգամին մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնած է որ ֆրանսայի մէջ յարգուին <<բարոյական եւ հոգեւոր բարձր աւանդութիւնները>>։
Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրած է նաեւ կեանքի յարգանքի կարեւորութեան եւ ամէն անհատի արժանապատութեան վրայ։ Իր պատգամին մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովուապետը մաղթած է որ ֆրանսան, եւրոպայի ու միջազգային հասարակութեան մէջ, շարունակէ ըլլալ <<խաղաղութեան եւ զօրակցութեան գործունեայ տարր մը ու հասարակաց բարիքի, մարդկային կեանքի յարգանքի եւ ամէն անհատի ու համայն ազգերու արժանապատուութեան ի սպաս գործիչ>> ։
Աստուծմէ կը յայցեմ որ ձեցի նեցուկ կանգնի որպէսզի բարոյական եւ հոգեւոր բարձր աւանդութիւններու յարգանքով ձեր երկիրը քաջութեամբ յարատեւէ միշտ աւելի արդար եւ եղբայրասեր ընկերութիւն մը կառուցելու, ու զօրակցութիւն ցուցաբերէ աւելի աղքատ ազգերուն հանդէպ։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակած է Աստուածային առատ շնորհքներ յայցելով երկրի նախագահին ու ժողովուրդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.