2012-05-17 11:42:45

Յիսուսեան Հայր Ժագ Սեվան Աստուծոյ Ծառայ Յայտարարուած Է ։


ֆրանսացի հայր Ժագ Սեվան`(1882-1951) հիմնադիրներէն մէկը (1920) թուականին ֆրանսայի կաթողիկէ սկաուտութեան ։ Յայտնենք որ յիսուսեան հայր ժագ Սեվան 1913-ին հանդիպում ունեցած էր Լորտ Պատէն-Բոէլին` հիմը դրած էր սկաուտութեան օգոստոս 1907 թուականին։ 1918ին հայր Ժագ Սեվան Պելկիայի մէջ հիմնած է սկաուտներու առաջին խումբը ապա ֆրանսայի մէջ 1920-ին։ 1944-ին՝ հայր Սեվան կը հիմնէ կրօնաւորական միաբանութիւն մը` ''Երուսաղէմի ս. Խաչի իգական կրօնաւորները'', որուն հոգեւորութիւնը ներշնչուած է սկաուտական սկզբունքներէն։
Սկաուտութիւնը համաշխարհային կամաւորական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է՝ պատանիներու եւ անչափահասներու անհատական զարգացումը բարոյական, ֆիզիքական ու քաղաքացիական դաստիարակութեամբ։ Սկաուտական շարժումը ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան 28 միլիոն անդամներ, տարածուած՝ 150 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.