2012-05-17 11:42:35

Ծայրայեղ Մահմետականներ Կ'արծածեն Զինեալ Ընդհարումը Լիբանանի մէջ։


Լիբանանի քահանայապետական միսիոնարական բարեսիրական մարմնի տնօրէն հայր Փոլ Քարամի գնահատումով ծայրայեղ մահմետականներ կ'արծածեն զինեալ ընդհարումը Լիբանանի մէջ։ Անոնց ներկայութիւնը սպառնալիք մըն է Լիբանանի եւ մասնաւորապէս քրիստոնեայ Լիբանանի։ Հայր Քարամ խօսելով Սուրիոյ ՄԱԿի զինուորներու ներկայութեան մասին մաղթեց որ Արեւմուտքը քաղաքականապէս չի շահագործէ զանոնք այլ անոնք կարենան ծառայել ճշմարտութեան պաշտպանութեան ու խաղաղութեան հաստատումին համար։ Քրիստոնեաներու իրավիճակը կը մնայ մտահոգիչ։ Սուրիոյ մէջ անոնք կը վայլեն ազատութիւն, այն ինչ որ հազուադէպ է Միջին Արեւելքի մէջ։ Քրիստոնեաները փոքրաթիւ ըլլալով թիրախ դարձած են ծայրայեղ մահմետականներու, որոնք կ'աշխատին Սուրիոյ տագնապը վերածել կրօնական պայքարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.