2012-05-16 12:52:53

Քրիստոնեաները Հալածող Ինտու Մը Դարձի Եկած Է Ու Մկրտուած։


Կարելի՞ է զինք կոչել նոր ժամանակներու Պօղոս առաքեալ մը ։
Օրիսա մարզի գիւղապետ Նիլադրի Գանհար ճանչցուած որպէս մոլեռանդ ինտու մը քրիստոնեաները հալածող ու սպաննող, դարձի եկած է ու քրիստոնեայ կնքուած, յետ իր անդրանիկ զաւկին, հրաշքով բուժուելուն բողոքական պատուելիի ձեռքով։ Օրահաս աղջիկը բուժուեցաւ շնորհիւ պատուելի Քադային, որ բուժումի շնորհքը խնդրած է Յիսուսէն։ Այդ զարմանահրաշ դէպքէն անմիջապէս ետք, գիւղապետի բոլոր ընտանիքը ընդգրկեց քրիստոնեայ հաւատքը։ Ներկայիս գիւղապետը եւ պատուելին բանտ կը գտնուին մարդորսորութեան ամբաստանութեամբ։ Նշենք որ 2008էն մինչեւ այսօր, Օրիսա մարզին մէջ բազմաթիւ բռնութիւններ տեղի ունեցած են քրիստոնեաներու դէմ, եւ Քանտհամալ շրջանին մէջ ջարդ մը տեղի ունեցած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.