2012-05-16 12:52:25

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Սուրիոյ Համա Մարզի Քրիստոնեաները Կը Հարստահարուին Ծայրայեղ Մահմետականներէն։
Անցեալ 10 մայիսին զինեալ մահմետական ահաբեկիչներ խուժած են Համայի Ալ Պուրժ ալ Գասդալ գիւղի վրայ ու քրիստոնեայ բնակիչները իրենց տուներէն արտահան ըրած են ու նաեւ եկեղեցիները զինուորական կեդրոն դարձուցած են, յայտարարած է Համայի օրթոտոքս եպիսկոպոսը։

Մորիդանիայի մահմետական կրօնապետերը կ'ուզեն ստրկութիւնը արգիլել, արմատախիլ ընելու այս քստմնելի երեւոյթը։Մորիդանեան այն հազուագիւտ երկիրներէն է ուր ստրկութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի։ Վերջերս այդ երկրի կարգ մը կրօնապետեր դատապարտած են ստրկութիւնը ու պահանաջած որ երկրի օրէնսդրութիւնը ու իսլամ կրօնքը պաշտօնապէս արմատախիլ ընեն այդ քստմնելի երեւոյթը։

Հռոմի կաթողիկէ ազատ համալսարան` Լումսայի մէկ ամպիոնը կը նուիրուի Պօղոս Զ Քահանայապետին։ Յառաջիկայ 18 մայիսին եպիսկոպոսներու ժողովի երբեմնի կառավարիչ՝ կարտինալ Ռէյի եւ վերոյիշեալ համալսարանի ռեկտոր Ճիուզէփփէ լա Թոռռէն մամուլին պիտի ներկայացնեն Համալսարանի այս որոշումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.