2012-05-16 12:47:36

Հայկական Եկեղեցի Մը Եւս Կը Վնասուի Գողերու Կողմէ


Թուրքիոյ Հաքարի նահանգի Քոնաք գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին դարձած է գանձախոյզներու թիրախ: Անոնք գանձեր գտնելու մարմաջով փորած են եկեղեցւոյ յատակն ու շրջակայքը:
Թրքական «Սոն-տաքիքա» լրատուական կայքին համաձայն՝ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 19րդ դարու վերջերուն:
Նահանգային իշխանութիւնները իրենց պահպանութեան տակ առած են պատմական յուշարձանը եւ որոշած են վերականգնել զայն: Հաքարիի նահանգային խորհուրդի անդամ Օզճելիկ Եըլտըզ լրագրողներուն յայտնած է, թէ այս մասին կը պատրաստէ տեղեկագիր մը՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին ուղղուած, որուն մէջ լուսարձակի տակ պիտի առնէ պատմական յուշարձանին աղէտալի վիճակը: Ըստ Օզճելիկ Եըլտըզի, եկեղեցին այնքան երկար ժամանակ անխնամ մնացած է, որ վերածուած է աւերակի: Ան խոստացած է հարցը հասցնել նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.