2012-05-16 12:46:55

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԱԲՐԱՀԱՄ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ


Մամիկոնեան Տոհմը միայն զօրավարներ չէ տուած մեր հայ ազգին, այլ նաեւ կղերականներ(Մամիկոնեաները Չինաստանէն եկած են). անոնցմէ մին է Աբրահամ Մամիկոնեան եպիսկոպոսը։ Անոր կենսագրութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք, սակայն հաւանաբար եղած է եպիսկոպոս Աղուաններու երկրին, որովհետեւ իր անդրանիկ գրութիւնը կատարած է Աղուանից Վաչագան Թագաւորին խնդրանքովը։ քանի մը խրատական գրուածքներ են, շատ համառօտ, որոնց նիւթն է թէ ինչպէս պատուելու է սրբագործուած նշխարհը, ինչպէս նաեւ թէ ինչ աղօթք հարկ է ընել ննջեցեալ հոգիներուն համար։
Աբրահամի ընծայուած կարեւորագոյն երկը Եփեսոսի մէջ գումարուած Եկեղեցւոյ տիեզերական ընդհանուր ժողովին պատմութիւնն է, որը տեղի ունեցաւ 431 թուին։ Ոմանք սակայն պատմաբաններէն` այս գործը կը վերագրեն Փիլաքսիանոս անունով յոյն եպիսկոպոսի մը, իսկ Աբրահամ միայն թարգմանած է ( կ՛ըսեն ) սոյն գիրքը հայերէնի։ Սակայն տրուած ըլլալով որ բազմիցս Վաչագան Թագաւորի անունը կը յիշուի սոյն երկին մէջ, հաւանական է որ Աբրահամ Եպիսկոպոս գրած ըլլայ զայն։
Գրութեան ոճը շատ ընտիր է իսկ լեզուն քիչ մը կը փոխուի մաշտոցեան ոսկեդարի լեզուէն. Կը սկսի արդէն հակումը դէպի նոր դպրոց մը, կոչուած հելլենաբան դպրոց, ուր լեզուին մէջ կը սկսին մուտք գործել յունական բառեր եւ նախադասութեան դարձուածքներու յունական ոճ մը։ Աբրահամ յարգած է սակայն պատմութեան կարգաբանութիւնը եւ ճշգրիտ կերպով կը պատմէ Եփեսոսի ժողովին բոլոր դրուագները։ Եփեսոսի այս սուրբ ժողովին մասնակցեցան 200 հայրապետներ, ուր սակայն ներկայ կրցան ըլլալ միայն Յունահայաստանի մէջ գտնուող հայ եպիս-կոպոսները, իսկ Պարսկահայաստանէն` չկրցան ներկայ ըլլալ ոչ Սահակ Կաթողիկոսը եւ ոչ ալ ուրիշ եպիսկոպոսներ, որով` Պարսկաստան ու Բիւզանդիոն տեւական պատերազմի մէջ ըլլալով`Պարսիկները թոյլ չտուին իրենց շրջանին մէջ գտնուող հայ եպիսկոպոսներուն մասնակցելու սոյն ժողովին. Անոր տօնակատրաութիւնը մեր օրացոյցին մէջ կու գայ այս տարի Վերափոխման տօնին բարեկենդանէն առաջ, այսինքն 9 Օգոստոսին։ Ժողովի գումարման պատճառն էր շատ լուրջ հարց մը որ ծագեցաւ Քրիստոսի անձին շուրջ. Նեստոր` ԿոստանդնուՊոլսոյ պատրիարքը, ընդ-դիմանալով կարգ մը հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան, որոնք Մա-րիամը կը կոչէին Աստուածամայր, յայտարարեց թէ Մարիամ մայրն է Քրիստոսի որպէս մարդկային էակ, եւ չի կրնար ըլլալ մայրն Աստուծոյն. Ա-ղեքսանդրիոյ Կիւրեղ Հայրապետը բուռն կերպով հակառակեցաւ Նեստորի եւ առարկեց թէ այս ձեւով Նեստոր կը բաժնէր Քրիստոսը երկուքի։
Եփեսոսի մէջ գումարուած ժողովի ընթացքին` Սուրբ Հայրերը հաստատեցին թէ Քրիստոս մէկ է եւ թէ Մարիամ արդարացիօրէն կարելի է կոչել Մայր Աստուծոյ, որով ան մայրն է Յիսուս-Քրիստոսի, որ թէ Աստուած է եւ թէ մարդ անբաժանելիօրէն։ Հետեւաբար Նեստոր վար առնուեցաւ Կ. Պոլսոյ գահէն եւ աքսորուեցաւ Ափրիկէի խորերը. Այս ժողովէն ետք` Անտիոքի աստուածաբա-նական դպրոցը, որ ձեւով մը կը պաշտպանէր Նեստորը, կորսնցուց իր վարկը ի շահ Աղեքսանդրիոյ աստուածա-բանական դպրոցին, ինչ որ բաւական մեծ վիշտ պատճառեց Սուրբ Սահակ կաթողիկոսին եւ մեր հայ սուրբ Հայրերուն, որոնք ընդհանրապէս ուսած էին առաւելաբար Անտիոքեան դպրոցին մէջ։
Աբրահամ Մամիկոնեան չի մտներ սոյն ժողովի հետեւանքներու մանրամասնութեանց մէջ, ոչ ալ կը խօսի Քաղկեդոնի ժողովի մասին, որ տեղի ունեցաւ 451-ին, որով հաւանաբար կը զգուշանար, մանաւանդ այդ շրջանին` խօսելէ եւ գրելէ դաւանական սուր տագնապ առթող այս հարցին շուրջ։
Մեր տեղեկութիւնները ասոնք են միայն 6-րդ դարու մեր առաջին հեղինակի` Աբրահամ Մամիկոնէից Եպիսկոպոսի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.