ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն Պատուիրակութեան Այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։
Հանդիպում պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանին հետ։ Երկուշաբթի,
14 մայիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց
Հայ կաթողիկէ պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս, արհիապատիւ գերապայծառ տէր Յովհաննէս Թէյրուզեանին,
պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ, Ժեհթաուի: Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ գերապայծառը
տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին եւ զայն հրաւիրելու ներկայ գտնուելու 27
մայիս 2012-ին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին: Գերապայծառ հայրը բարձր գնահատեց
ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` յարատեւ վերելք մաղթելով միութեան, հաստատելով թէ անպայման ներկայ
պիտի գտնուի Մայիսեան փառատօնին: