2012-05-15 12:34:06

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Յաղթահարել մարդավաճառութեան հարցը։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ <<Օգթավա Տիէս>> խմբագրականին մէջ կոչ ուղղած է յաղթահարելու մարդավաճառութեան հարցը։
Ակնարկելով Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի, 8 մայիսին, Հռոմի մէջ գումարած խորհրդաժողովին, Վատիկանի Ռատիոկայանի տնօրէնը հարց տուած է թէ ի՞նչպէս կարելի է այսքան բարոյական վատթարացումի հասնիլ ուր մեր մերձաւոները նկատել որպէս պարզ <<արարկաներ>> որ դրամական շահի համար ստրկութեան կ՛ենթարկենք։
Հայր Լոմպարտիի գնահատումով, մարդավաճառութեան դէմ պայքարելու ուղղութեամբ՝ հաւատացեալներու յանձնառումը, խիստ կարեւոր պահանջ մըն է այսօր, ու եկեղեցին իր մարդկայնական եւ հոգեկան դարմանումի փորձառութիւնները դնելու է մարդկութեան տրամադրութեան տակ, ու միջազգային գետնի վրայ համագործակցելու է բոլոր անոնց հետ որոնք կը ճակատամարտին աշխարհի մէջ գոյացած չարութեան դէմ։

Նշենք որ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի Հռոմի մէջ գումարած խորհրդաժողովի կետնպատակն էր նպաստել մարդավաճառութեան դէմ պայքարին։ Քահանայապետական Խորհուրդի գնահատումով` ամէն օր, բազմաթիւ այրեր, կիներ ու մանուկներ կը գնուին ու կը ծախուին մարմնավաճառութեան, տան սպասաւորութեան, շինարարութեան ու հողամշակոյթի բռնի աշխատանքներու ի շահ։ Այս առեւտուրը, համաշխարհային գետնի վրայ, նկատուած է որպէս ամենաշահաբեր երկրորդ քրէական գործունէութիւնը, զէնքի ապօրինի վաճառքէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.