<<Սուրբ Երկիր>> անուամբ տպագրատունը լոյս ընծայած է Արաբական Գարունի եւ Քրիտոնեաներու
մասին հատոր մը <<2011. Տարին որ Միջին Արեւելքը վրդովեց>> վերտարութեամբ։ Գիրգի
ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ զանազան քաղաքաներու մէջ` 14-ին Նափոլի, 15-ին Պոլոնիայ,
16-ին Միլանոյ եւ 17-ին Հռոմ։ Գիրգի շնորհանդէսին ներկայ կը գտնուի նաեւ հատորին հեղինակը
Իտալացի Մանուէլա Պորրաչինոյ եւ Իսլամական աշխարհի ուսումնասէր` Յիսուսեան Հայր Սամիր
Խալիլ Սամիրը։
14 -18 մայիս Մակի Պարէնամթերային կազմակերպութիւնը Միջին
Արեւելքի հարցերու քննարկման համար շրջանային համաժողով մը գումարած է Հռոմի մէջ։ Համաժողովին
իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 30 անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ։