2012-05-14 12:58:07

Հայաստանցի Նշանաւոր Երգչուհի Նունէ ԷՍԱԵԱՆ-ի Համերգը Պոլսոյ Մէջ։


11 Մայիսի գիշեր Պոլսոյ ՝՝Լիւթֆի Գըրտար՝՝-ի անուան մեծ համերգասրահին մէջ բեմ եկած է Հայաստանցի նշանաւոր երգչուհի Նունէ Էսաեան,որ Պոլիս հրաւիրուած էր Սահակեանցիներու կողմէ,Սահակեան Սանուց Միութեան հիմնարկութեան 60ամ եակի առիթով։ Համերգասրահը կը յորդէր անօրինակ բազմութեամբ (կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթը)։
Բոլոր ներկաները եկած էին ողջունելու հայաստանցի նշանաւոր երգչուհին որ իր անունը լսելի դարձուցած է համայն հայ աշխարհի մէջ։ Ներկայ էին Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի թուրք Քաղաքապետը Մուսթաֆա Սարըկիւլ(շատ սիրուած Պոլսահայերէն) ու փոխ Քաղաքապետ հայազգի Վազգէն Պարըն,որոնք յաջողած էին ապահովել Պոլսոյ այս նշանաւոր մեծ համերգասրահը։ Համերգի բացումը կատարած է Սահակեանցի Տիգրան Ալթուն։
Բեմին վրայ տեղ գրաւած էին Հայաստանէն ժամանած Նուագախումբի անդամները, որոնք առաջին իսկ հնչիւններով սրահին մէջ ստեղծած են տաքուկ եւ հաճելի մթնոլորտ։ Խլացուցիչ ծափահարութիւններով հանդէս եկած է Նունէ Էսաեան, որպէս առաջին երգ ներկայացնելով Խորոտիկ-Մորոտիկ ժողովրդական երգը։ Նունէ Էսաեան իր սքանչելի ձայնին առընթեր , բեմի վրայ շատ շնորհալի երեւոյթ կը պարզէր,ապացուցանելով նաեւ որ շատ լաւ լուծած է ՝՝գաղտնիքը՝՝ սրահի ունկնդիրներուն հետ սրտակցական կապ հաստատելու ու զանոնք ոգեւորելու։
Երգահանդէսի վերջաւորութեան Պարոն Նալպանտի կողմէ բեմ հրաւիրուած են այն բարերաները որոնք նիւթապէս իրենց բաժինը բերած էին այս ձեռնարկի իրականացման։ Բեմ հրաւիրուած են նաեւ քաղաքապետը Տիար Սարըկիւլ ու Փոխ-Քաղաքապետը Տիար Պարըն որոնք ստացած են Յուշանուէրներ։ Երգահանդէսը եզրափակուած է Թուրք Քաղաքապետի հայերէն արտայայտութեամբը ՝՝ Քոյրիկներ եւ Աղբարիկներ ձեզ շատ կը սիրեմ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.