2012-05-14 12:57:07

Թիֆլիսի Մէջ Հայկական Եկեղեցի Փլուզուած է։


Մայիս 13 լոյս 14-ին՝ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ փլուզուած է ԺԸ. դարասկիզբին կառուցուած հայկական եկեղեցի: Միջադէպին հետեւանքով բարեբախտաբար տուժածներ չկան: Երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու վարչութենէն յայտնած են, որ եկեղեցին կը գտնուէր վթարային վիճակի մէջ, եւ փլուզման պատճառ դարձած են առատ անձրեւները:
նախօրէին Tert.am-ը յայտնած է որ առատ անձրեւներուն հետեւանքով յառաջացած ջրհեղեղներուն պատճառով զոհուած է հինգ հոգի, ներառեալ` երկու երեխայ: Տարերքէն վնասուած են բազմաթիւ շինութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.