2012-05-14 12:57:31

Անկելա Մերքելի Կուսակցութիւնը Պարտուած Երկրի Ամենամեծ Մարզին Մէջ։


Անկելա Մերքելի Կուսակցութիւնը Պարտուած Երկրի Ամենամեծ Մարզին Մէջ։
Գերմանիոյ ամենամեծ Հիւսիսային ՝՝Ռէյն-Ուէսթֆալիայ՝՝ երկրամասին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ վարչապետ Անկելա Մերկելի Քրիստոնեայ-Ժողովրդավար կուսակցութիւնը յստակ պարտութիւն մը կրած է:

Ասիկա Երկրորդ համաշխարհայի պատերազմի աւարտէն ետք Քրիստոնեայ-Ժողովրդավար կուսակցութեան ունեցած ամենավատ արդիւնքն է։

Գերմանիոյ հիմնական ընդդիմադիր Ընկերվարական Ժողովրդավար ու Կանաչներու կուսակցութիւնները, միասին ստացած են մարզի ընտրողներու հարիւրէն 50.4 տոկոսի վստահութիւնը եւ կը կազմեն մեծամասնութիւն :

18 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այս մարզի ընտրութիւնները կը համարուէին յաջորդ տարի կայանալիք համազգային ընտրութիւններու հիմնական ցուցանիշ:








All the contents on this site are copyrighted ©.