2012-05-14 12:57:20

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծումը Միջազգային Ընտանիքի Ռազմավարական Շահերէն Կը Բխի» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Նախագահը Ճ.Նափոլիթանօ։


Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ «Տը Պիզնես Եիր»(The Business Year) ամսագիրին հետ Ազրպէյճանի վերաբերեալ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ՝՝Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը միջազգային ընտանիքի ռազմավարական շահերէն կը բխի՝՝ որովհետեւ շրջանին նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ:
«Տագնապին լուծումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան` ստեղծելով տնտեսական նոր կարելիութիւններ, երաշխաւորելով երիտասարդ սերունդին լաւագոյն ապագայ » ըսած է Նափոլիթանօ:
Ան հաստատած է Ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւքոյի պահպանման անընդունելիութիւնը եւ ողջունած է հակամարտող կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւնը` դիւանագիտական ճամբով գտնել խնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներ: Իտալիոյ նախագահը կողմերուն կոչ ուղղած է շարունակելու հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան հասնելու ջանքերը:

ԻտալիոյՀանրապետութեան նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ նաեւ ընդգծած է, որ կը հաւատայ շրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ ՝՝Եւրոպական Միութեան դերի արդիւնաւէտութեան՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.