2012-05-13 11:40:58

Հակիրճ Տեղեկութիւններ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Այցելած Վայրերուն Մասին։


Արեցցօ
Արեցցօ քաղաքը բազմահազարամեայ պատմական քաղաք մըն է որուն բնակչութեան թիւը աւելի քան երեքհարիւր հազար է։ Թոսքանայի կարեւոր կեդրոնական մասն է, որով Աբէննինի երթալու համար հարկ է միշտ այնտեղէն անցնիլ։ Նախապատմական շրջանէն՝ արդէն բնակուած գիւղաքաղաքը եղաւ ապա ետրուրացիներու կարեւոր քաղաքը, եւ հաւանաբար նստավայրը անոնց 12 դատաւորներէն մէկուն։

Վեռնա
ֆրանչեսքաններու՝ Վեռնայի Սրբավայրը կը գտնուի Քիուզի տէլլա Վեռնա գաւառէն մի քանի քիլոմեթրտր հեռաւորութեան վրայ. նշանաւոր դարձած է, 17 Սեպտեմբեր 1227ին՝ Ս ֆրանչիսքոս Ասսեզացիին Քրիստոսի սպիները ստանալէն ետք։
Արդարեւ 1224-ի ամրան Ս ֆրանչիսկոս Վեռնայի լեռ կը բարձրանայ իր սովորական աղօթքի ու լռութեան ժամանակը անցնելու համար, այն ատեն կը խնդրէ Աստուծմէ որ ինք եւս իր ամբողջ էութեամբ մանսակից ըլլայ Քրիստոսի չարչարանաց, սիրոյ ու ցաւի խորհուրդին։
Տէրը կը լսէ իր խնդրանքը եւ կ՝երեւի անոր ՜՜խաչուած սէրովբէի՝՝ կերպարանքով ու որպէս պարգեւ իրեն կը թողու իր ՜՜չարչարանքներուն կնիքը՝ սպիները՝՝։ Այսպէս ֆրանչիսքոս տեսանելի կերպով ունենալով Քրիստոսի սպիները Անոր կը նմանի արտաքնապէս, քանի որ արդէն իր սիրտն ու կեանքը արդէն կը նմանէր Անոր։

Սանսեբոլքրօ։
Թոսքանայի՝ Սանսեբոլքրօ քաղաքը ունի 15.600 բնակիչ, կը գտնուի Թոսքանա մարզի ՜՜Աբբենինօ՝՝ լեռներու ստորոտը։ Աւանդութեան համաձայն Ս. Արքանօ եւ Էճիտիօ ուխտաւորները Ս. երկիր կատարած իրենց ուխտագնացութենէն դարձին, այդ դաշտը կանգ առած են, ու Աստուծմէ ներշնչուած՝ այնտեղ մնացած են. եւ փոքր մատուռ մը կառուցած են այնտեղ զետեղելու՝ Երուսաղէմէն բերած Ս. Մասունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.