2012-05-12 12:20:47

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Այսօր շաբաթ 12 մայիսին Փրակայի մէջ նշուեցաւ Փրակայի Արքեպիսկոպոսութեան վերահաստատման 450րդ տարեդարձը։ Յոբելինական տօնախմբութիւնները գլխաւորեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յատուկ նուիրակ` Վիէնի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպոմը։

Քրիստոնեայ կրօնի պատկանող 300 կազմակերպութիւններ եւ հասարակութիւններ այսօր` եւրոպայի զանազան քաղաքաներու մէջ մասնակցեցան <<միասնաբար եւրոպայի համար>> ձեռնարկին որուն կետնպատակն է Նոր Եւրոպական Հոգիի մը կերտումը հիմնուած ցամաքամասի քրիստոնէական արմատրներու վրայ։ Հռոմի մէջ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Քաղաքապետարանի Piazza del Campidoglio հրապարակի վրայ։

Կիրակի 13 մայիսին Իտալիոյ մէջ կը նշուի մայրերու տօնը ու միաժամանակ <> հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կը նշուի Ուխտաւորին Ազգային Օրը։ Այս առթիւ Կիրակի 13 մայիսի յետ միջօրէին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<խորհրդածութեան համերգ>> մը ու Սուրբ Վարդարանի ջեռմերանդական աղօթք, որմէ ետք նախատեսուած է Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն կը նախագահէ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին։ Իսկ Երեկոյեան ժամը 20ին նախատեսուած է հսկումի աղօթք մը ի պատիւ ֆաթիմայի հրաշագործ պատկերին որ ուխտագնացութեամբ հռոմ կը ժամանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.