2012-05-12 13:00:28

Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ Քաղաքի Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Մը Որդեգեց։


Սպանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ քաղաքի խորհուրդը 4 մայիս, 2012-ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է` դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Խորհուրդին նիստին ներկայ եղած են Սպանիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնք բարձրացուցած էին Ցեղասպանութենէն նկարներ եւ պաստառներ: Բանաձեւը քուէարկուած է՝ Խորհուրդը կազմող բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ:
Բանաձեւի որդեգրումէն ետք հայկական կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն առնելու ճիշդ քայլը, որն է` պետական մակարդակով ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնպէս, ինչպէս ըրած են երկրի Պալէարեան կղզիներու (դեկտեմբեր 2010), Քաթալոնիոյ (Մարտ 2010) եւ Պասքերու երկրի (ապրիլ 2007) շրջանային խորհրդարանները` հիմնուելով «Հայկական հարցին քաղաքական լուծում տալու» Եւրոպական Խորհրդարանի 1987-ի բանաձեւին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.