Յունաստանի Նախագահը Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Հրաւիրէ Արտահերթ Խորհրդակցութեան.
Կառավարութիւնը Կազմելը Գերթէ Անկարելի ։
Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներուն արտահերթ
խորհրդակցութեան հրաւիրեց՝ արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու
նպատակով : Նման անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, երբ խորհրդարանական ընտրութիւններուն
3-րդ տեղը գրաւող ՓԱՍՕՔ կուսակցութիւնը նոյնպէս չյաջողեցաւ կառավարութիւն ձեւաւորել:
Աւելի վաղ այս խնդիրը չէր յաջողած լուծել ընտրութիւններուն առաջնակարգ դիրքերը գրաւող
«Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը եւ «Սիրիզա» միախառն կուսակցութիւնը :
Եթէ
կուսակցութիւններու առաջնորդները չյաջողին համաձայնութեան գալ, Յունաստանի մէջ կը նշանակուին
կրկնակի ընտրութիւններ: Ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք կը կայանան յառաջիկայ Յունիսին: Վերջինը
որ փորցեց( «Փասօք» կուսակցութեան առաջնորդ Էվանկելոս Վենիզելոս) որ իր կարգին չկրցաւ
ստանալ փոքրաթիւ ձախ կուսակցութիւններէն մէկուն աջակցութիւնը, կառավարութիւն կազմելու
համար։