2012-05-11 09:40:14

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Հինգշաբթի 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ` 10 - 17 Յունիս, Տուպլինի մէջ կայանալիք Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած` Միջազգային 50րդ Վեհաժողովը որ ունի որպէս բնանիւթ <<Սուրբ Հաղորդութիւնը. Կապ` Քրիստոսի ու մեր մերձաւորին հետ>> ։

Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի կեդրոնին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին ու Պարչէլլոնայի Արքեպիսկոպոս Լուիս Մարթինէզ Սիսթախը, ներկայացումը կատարեցին Պարչէլլոնայի մէջ նախատեսուած <<Ոչ հաւատացեալներու գաւիթի>> նուիրուած ձեռնարկին։


Ուրբաթ 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 18-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ նախատեսուած է համերգ մը, Հռոմի <> նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարողութեամբ եւ աշխարհահռչակ Ռիքքարտօ Մութի Մայեսթրօյի ղեկաւարութեամբ։ Համերգը նուիրուած է Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլէթանոյի կողմէ Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան 7րդ տարեդարձին առթիւ։


Հինգշաբթի 10 մայիսի յետ միջօրէի ժամը 16էն սկսեալ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցի մէջ, տարեկան ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանգիտական մարմնի անդամներուն։ Ընդունելութեան ընթացքին դիւանագետները առիթը ունեցան այցելելու Քահանայապետական Պալատը մինչ ժամը 18ին տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի ու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագետերու միջեւ պաշտօնական հանդիպում ։








All the contents on this site are copyrighted ©.