2012-05-11 13:17:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 11մայիս 2012։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը այս առաւօտ ժամը 11ին իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասէն 7 եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 11.30-ին՝ Սրբազան Հայրը հրաժեշտի ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուանիոյ դեսպան Տիար Վիթաութաս Ալիզաուսքասի, հուսկ ժամը 11.45-ին՝ Գլեմենթինա սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութեանց Ազգային Տնօրէններու 170 անդամները։ Մինչ յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլէթանոյին հետ, Պօղոս Զ անուան փոքր սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ` Իտալիոյ Նախագահի կողմէ նուիրուած համերգէն առաջ։


Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութիւններու Ազգային Տնօրէններու անդամներուն իր ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ եկեղեցւոյ ներկայ <<աւետարանացումի>> հրատապ հարցին, որ եկեղեցիէն կը պահանջէ Քրիստոսը ճանչցնել ամէն մարդու։ Միայն ճշմարտութեան մէջ, որ նոյնինքն Քրիստոսն է, մարդկութիւնը կրնայ հասկնալ իր գոյութեան իմաստը ու փրկութիւն գտնել եւ աճիլ արդարութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Ամէն անհատ ու ամէն ազգ իրաւունք ունի ընդունելու Աւետարանի ճշմարիտ աւետիսը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդգծեց Աստուծոյ վրայ վստահութեան նորոգումի կարեւորութիւնը, որ կարիքն ունի աղօթքին <<որպէսզի գայ Անոր արքայութիւնը եւ կատարուի անոր կամքը երկնքի մէջ ու երկրի վրայ։ Ու այս ուղղութեամբ քաջալերեց Ժողովուրդներու աւետարանութեան ծրագիրը որ կը նախատեսէ <<աղօթքի համաշխարհային քարոզարշաւ>> մը Հաւատոյ Տարուայ դիտաւորութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Աւետարանը քարոզելու դժուարութիւններուն եւ չարչարանքներուն որ շատ անգամ արեան գնով կը կատարուի։ Տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական յեղաշրջումներու այս շրջանի ընթացքին Աւետարանի պատգամաբերները, թէեւ յոյս ու խաղաղութիւն կ՝աւետեն, սակայն կը շարունակուին հալածուիլ իրենց Տիրոջ՝ Վարդապետի նման։ Սակայն ասով հանդերձ Եկեղեցին չի վհատիր ու հաւատարիմ կը մնայ Տիրոջ։

Եզրափակելով իր խօսքը Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարեց Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութիւններու Ազգային Տնօրէնները նեցուկ կանգնելու Աւետարանի սպասաւորներուն օգնելով զանոնք <<պահպանելու աւետարանութեան ուրախութիւնը նոյնիսկ դժուար պարագաներու ընթացքին։ Նորին Սրբութիւը ապա հայցեց Առաքելութիւններու Թագուհի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որ նեցուկ կանգնի իրենց գործունէութեան, ու ապահովելով իր անձնական աղօթքները, անոնց ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.