2012-05-11 09:40:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն` Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը ապա 11.45ին Քահանայապետներու սրահին մէջ ընդունեց “Latin American Jewish Congress”ի այսինքն Լատին Ամերիկայի Հրէական կազմակերպութեան 30 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը։ Նշենք թէ այս հանդիպումը պատմական նկատուած է որովհետեւ առաջին անգամն է որ Լատին Ամերիկայի Հրէական Գոնկրէսը կ՛ընդունուի Վատիկանի մէջ ու հանդիպում կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետի հետ։ Այս դիտմամբ Արժանթինի Րաբունապետը նշել տուաւ որ Արժանթինի մէջ զանազան կրօնապետերու միջեւ յարաբերութիւնները օրէ օր կը նպաստեն համակեցութիւնը կերտելու ու թէ Սրբազան Քահանայապետի հետ այսօրուայ հանդիպումը աւելիով պիտի ամրապնդէ հրեաներու եւ կաթողիկեներու միջեւ կապը։
Հուսկ Ժամը 12.15 անց Գլեմենթինա սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Սպանական Քահանայապետական վարժարանի հասարակութեան 150 անդամներուն, սոյն վարժարանի հիմնարկութեան 500րդ տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.