2012-05-11 12:12:57

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնեական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը Եւ Աղանդները
Աղանդներու եւ աղանդաւորներու հարցը այսօր քրիստոնեայ աշխարհին համար շատ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ: Ուստի, մեր հաղորդաշարին համար կենսական տեսանք անդրադառցումը այդ հարցին, ի տես անոնց առագ ծաւալման մեր մշակոյթներուն, յատկապէս հայաստանէն ներս, եւ որոնք իրենց դաւանութեամբ կը խախտէն Քրիստոսի աւետարանի ճշմարտութիւնները, եւ կը մոլորեցնեն հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ուստի, Եկեղեցին զգոյշ ըլլալու է եւ արդուն այն բոլոր հոգեւոր կամ ոչ հոգեւոր շարժումներուն կամ աղանդներուն, որոնք «Նոր Աւետարանացումի» դրոշով կը սպրդին ժողովուրդին մէջ տկար հոգիները որսալու, եւ զանոնք համոզելու իրենց սին վարդապետութեամբ: Սուրբ Պօղոս Կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը խնդրէ հաւատացեալներէն հաւատարմութիւն մտքի եւ սրտի Ճշմարիտ գիտութեան՝ Քրիստոսի գիտութեան երբ կ’ըսէ. «Զգոյշ եղէք, որպէս զի ոչ ոք կարենայ ձեզ վերստին ստրկութեան տանիլ ճշմարտութեան սին խաբէութեամբ, որ է ըստ մարդկային աւանդութեան եւ աշխարհի տարրերու, եւ ոչ ըստ Յիսուսի Քրիստոսի»:
Եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ յետագայ տարածման ու կեանքի զարգացման զուգահեռ սկզբնական օրերուն սկեալ, Եկեղեցին միշտ խիստ կեցուածք ցուցաբերած է բազմանուն ու բազմազան հերետիկոսութիւններուն ու հերձուածողական շարժումներու նկատմամբ: Արդէն իսկ առաքեալներու կենդանութեան եւ քարոզութեան օրերուն, ի յայտ եկան զանազան քարոզիչներու սպրդումը առաքեալներու ձեռքով հաստատուած հասարակութիւններուն ծոցին մէջ: Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը խօսի որոշ մարդոց մասին, որոնք խռովութիւն կը սերմանեն հաւատացեալներու մէջ եւ Քրիստոսի Աւետարանը կը շրջեն: «Կը զարմանամ, կ’ըսէ առաքեալը, որ այնքան շուտ կը հեռանաք Անկէ որ ձեզ կանչեց Քրիստոսի շնորհքով եւ կը փարիք ուրիշ աւետարանի մը: Թէպէս ուրիշ աւետարաններ չկան, այլ կան մարդիկ որ խռովութիւն կը սերմանեն ձեր մէջ եւ կ’ուզեն Քրիստոսի Աւետարանը շրջել: Եթէ մենք, կամ երկինքէն եկած հրեշտակ մը քարոզէ ձեզի ուրիշ աւետարան մը քան ինչ որ մենք քարոզեցինք, նզովեալ ըլլայ: Կանխաւ ըսի եւ հիմա կը կրկնեմ. եթէ մէկը ձեզի աւետարանէ աւելի քան ինչ որ առիք՝ նզովեալ ըլլայ»:
Գրեթէ երբէք ժամանակաշրջան մը չէ եղած, ուր Եկեղեցին զերծ ըլլայ ամենատարբեր շարժումներու գոյութիւններէն, որոնք իրենց սնունդը ստացած են, եւ կը շարունակեն ստանալ ուղղաբար Եկեղէցիի ծոցէն: Բնականաբար Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ Քրիստոսի դաւանելու անաղարտութեան պահպանման նախանձախնդրութիւններէն: Հետեւաբար, ան տեւական պայքարի մէջ եղած է խօսքով եւ գրչով կանգնեցնելու հերձուածողական շարժումներու ծաւալումը: Արդէն իսկ երկրորդ-երրորդ դարերուն կը հանդիպինք եկեղեցական հայրերու «Բան Ճշմարտութեան» Ընդդէմ հերձուածողաց», «Եղծ աղանդոց» եւ այլ խորագրերով, հակաճառական եւ ուղղափառ դաւանանքի ջատագովական երկերու:
Հետեւաբար, մեր սփռումներուն ընթացքին համապարփակ կերպով, ո՛չ հակառակապնդող, այլ վերլուծական եւ տրամաբանական մօտեցումով պիտի անդրադառնանք կարգ մը աղանդներու մասին, որոնք ցաւալիօրէն վերջին տանամեակներուն մեծ տեղ գտած են մեր ընկերութիւններուն մէջ եւ յատկապէս Հայաստան աշխարհ:
Շարունակելի








All the contents on this site are copyrighted ©.