2012-05-11 09:40:33

Յունաստանի Օրթոտոքս Եպիսկոպոսները Ջղագրքռուած են Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի Ձեռնամուխութիւններէն։


Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմիոս Ա. վերջերս պատգամ մը ուղղած է Յունաստանի եպիսկոպոսներուն խնդրելով որ միաձայն դատապարտեն այն Մետրապոլիտը որ անցեալ մարտին նզոված էր Քահանայապետը եւ բողոքականութեան ու համամիութեան հիմնադիրները։
Յունաստանի օրթոտոքս եպիսկոպոսները թէեւ բաժնած են Բարթողոմիոս Ա. Պատրիարքի կեցուածքը սակայն վերապահութիւն յայտնած են` եկեղեցւոյ ներքին ուրիշ հարցերու շուրջ` անոր կատարած միջամտութեան ։ Անոնք յիշեցուցած են <<նման ձեռնամուխութիւն մը հակառակ է օրթոտոքսութեան ոգիին, որ հիմնուած հողային տարածաշրջանի սկզբունքին վրայ։ Յայտնենք որ Յունաստանի եկեղեցին ինքնագլուխ դարձած է 1830-ին երկրին անկախութեամբ եւ կը մատակարարուի Սուրբ Սիւնհոդոսէն, որուն նախագահն է Աթէնքի եպիսկոպոսապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.