2012-05-11 12:13:08

Դամասկոսի Մէջ Երկու Ուժգին Պայթումներ Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն ։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Խստիւ Դատապարտեց Ահաբեկչական Երկու Արարքները։


Երէկ առաւօտեան երկու ուժգին պայթումներ ցնցեցին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Քազազ շրջանը: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անոնք անձնասպանական երկու գործողութիւններ էին, որոնց ընթացքին օգտագործուած էին աւելի քան հազար քիլոկրամ ուժգնութեամբ ականներ: Ըստ փորձագէտներու, անոնք պայթեցուած են իրերայաջորդ կերպով` իրարմէ մէկ վայրկեան տարբերութեամբ:
Պայթումները տեղի ունեցան, մինչ դպրոցականներ իրենց դպրոցները, իսկ պաշտօնեաներ իրենց գործատեղիները կ՛ուղղուէին: Արձանագրուեցաւ 55 զոհեր(11-ը երախաներ) եւ աւելի քան 300 վիրաւորներ : Զոհերուն շարքին են քաղաքայիններ եւ զինուորականներ: 15 զոհերու ինքնութիւնը անյայտ կը մնայ: Կը հաղորդուի, որ գործողութեան թիրախը Զինուորական Ապահովութեան Պաղեստին մասնաճիւղն էր: Մասնաճիւղը 2008-ին եւս նոյնանման գործողութեան մը թիրախը դարձած էր:
Մինչ Սուրիական իշխանութիւնները գործողութիւնը ահաբեկչական խմբակներու կողմէ գործուած արարք մը նկատեցին, Սուրիական ազատ բանակը պնդեց, որ զինադադարին յանձնառու կը մնայ, եւ հերքեց ականահարումներուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցած ըլլալը:
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան զգուշացուց, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու որեւէ մագլցում բոլորին համար ժխտական արդիւնքներ պիտի տայ», իսկ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մուտ դէպքին վայրը այցելելով ըսաւ. «Այս պայթումներուն աջակցող եւ անոնց ետին կանգնող բոլորին, ըլլան անոնք Սուրիոյ մէջ կամ դուրս, կը դիմեմ ըսելով, որ պէտք է գիտակցին, որ այս ականահարումները սուրիացիներուն յաւելեալ տառապանք կը պատճառեն, եւ պէտք է դադրին այդ արարքները կատարելէ եւ սուրիացիներուն առիթ ընծայեն խաղաղ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու, առանց որ անմեղներ սպաննուին»:
Իսկ ՄԱԿի Ապահութեան Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ ահաբեկչական արարքները կոչ ուղղելով խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերուն, որպէսզի լիովին յարգուի Քոֆի Աննանի վեց կէտէր բովանդակող խախաղութեան ծրագիրը։
Հուսկ՝ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքները պիտի չփոխէ»: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ սուրիական հարցերուն մէջ որեւէ միջամտութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.