2012-05-11 13:20:13

Աւելի Քան 6000 Կղերականներ Միատեղ Կը Խորհրդակցին ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ Նիւթին Մասին։


Հարաւային Հնդկաստանի Քերալա քաղաքի Բալէ թեմին մէջ տեղի ունեցած՝ քահանաներու ու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու հաւաքէն ի յայտ եկաւ որ Հնդկաստանի քրիստոնեաները պատրաստ են յանձնառումով գործելու նոր աւետարանութեան համար։ Ժողովին նպատակն էր միատեղ համախմբել հնդիկ միսիոնարները նոր սլացք մը տալու Աւետարանի քարոզութեան։ Իր տուած պատգամին մէջ, առաքելական նուիրակը քաջալերեց միսիոնարները նոր զարկ տալու՝ քարոզութեան, եւ ըլլալու՝ ճշմարիտ վկաները Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Յայտնենք որ՝ խորհրդաժողովին մասնակցած են, Հնդկաստանի Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պատասխանատուները եւ աշխարհի զանազան առաքելավայրերու մէջ գործող կղերականներու ներկայացուցիչները։
Հնդկաստանի եկեղեցին աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներու մէջ միսոնարներ ունի որոնք կը գործեն ի խնդիր Աւետարանի քարոզութեան։ Նշենք որ Բալէ թեմը Եկեղեցւոյ տուած է 26 եպիսկոպոսներ նաեւ՝ Հնդկաստանի առաջին սրբուհին` Կրօնաւորուհի Ալֆոնսա որ սրբադասուած էր 2008-ին, եւ երանելի Քունժաշան։ Նոյն թեմին մէջ ծնունդ առած են չորս կրօնաւորական միաբանութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.