2012-05-11 13:17:26

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցը Թեհրան-


Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Վեհափառը Ըսաւ. ՜՜Եկեղեցին Ժողովուրդն է ՝՝
Արամ Ա. Կաթողիկոսը չորեքշաբթի՝ 9 Մայիսի առաւօտուն, այցելեց Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
Եկեղեցւոյ մուտքին, զանգերու ղօղանջին հետ՜՜ՙԱկունք՝՝ Կեդրոնի երկու սաներ աղ ու հացով դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը. որ աւանդական օրհնութիւնը կատարելէ ետք մուտք գործեց եկեղեցի, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Կանոնական աղօթքէն ետք. թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց Վեհափառին. եւ ապա հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործող միութիւններուն եւ ֆիզիքական–մտային տկարութիւն ունեցող փոքրիկներուն օժանդակող ՙԱկունք՚ կեդրոնին մասին: Վեհափառը այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն, շեշտելով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ժողովուրդի գործօն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը. որովհետեւ, ըսաւ Վեհափառը, ՙեկեղեցին ժողովուրդն է՚ այլապէս ան կը դառնալ լոկ նիւթեղէն կառոյց: Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Ազգային Իշխանութեան եւ Թեմակալ Առաջորդին հովանաւորութեան ներքեւ գործող ՙԱկունք՚ կեդրոնէն ներս տարուած աշխատանքն ու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ յատուկ խնամքի կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Ապա, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող ՙԱրտակ Արք. Մանուկեան՚ թանգարանի սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց հայ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Հայ Գիրքի Տարուան առիթով: Ցուցադրութեան դրուած էին 120 հատոր գիրք՝ կրօնական եւ այլ նիւթերով, որոնք հրատարակուած են 1600–ական թուականներէն մինչեւ 1900 թուականը:
Ցուցահանդէսի բացումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց ՙԱկունք՚ կեդրոն եւ ապա ներկայ եղաւ Թեհրանի Հայ Կանանց Եկեղեցասէր Միութեան դահլիճին մէջ նոյն միութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Խորհուրդին կողմէ իրեն ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան: Ելոյթ ունեցաւ ՙԱկունք՚ կեդրոնի երգչախումբը: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հայ կնոջ առանցքային դերն ու կարեւոր ներդրումը մեր ժողովուրդի կեանքի ազգային–հասարակական–եկեղեցական մարզերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.