2012-05-09 13:43:55

Ստեփանակերտի Մէջ Նախագահներ Սարգսեան Եւ Սահակեան Մասնակցեցան Շուշիի Ազատագրման Տարեդարձի Տօնակատարութեանց Յաղթանակի Տօնին.


Լեռնային Ղարաբաղի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ Ստեփանակերտ կը գտնուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց զինուորներու շիրիմներուն:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ ուրիշներ:
Շուշի մեկնելու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, անոնց ուղեկցող անձերուն հետ, կանգ առին Շուշիի մատոյցներուն մէջ տեղադրուած զրահապատ յուշարձանին մօտ, որ 9 մայիս1992-ին առաջինը մտած էր Շուշի քաղաք:
Այնուհետեւ նախագահները մասնակցեցան Շուշի քաղաքի «Հին այգի» կոչուող պուրակին մէջ կազմակերպուած ժողովրդական տօնախմբութեան:
Նշենք, որ այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի քան տօնական տրամադրութիւն կը տիրէ: Բազմաթիւ տօնական ձեռնարկներէն զատ այսօր կը սպասուի գլխաւորը` զինուորական շքերթը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զինուորական ուժը:
Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան հռչակումէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ թիւով չորրորդ զօրահանդէսը: Նախորդ երեք զօրահանդէսները նոյնպէս տեղի տեղի ունեցան 9 մայիսին` համապատասխանաբար 1995, 1997 եւ 2007 թուականներուն, եւ նոյնպէս նուիրուած էին Շուշիի Ազատագրման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի ստեղծման տարեդարձներուն:









All the contents on this site are copyrighted ©.