2012-05-09 11:51:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 9 մայիս 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.45 անց Նորին Սրբութիւնը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց Եկեղեցւոյ աղօթքի կարեւորութեան վրայ խօսելով Ս. Պետրոս Առաքեալի բանտարկութեան ու հրաշագործ ազատումի մասին։ Այդ գիշեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Աստուծոյ հրեշտակը ըրաւ այնպէս ինչպէս պատահած էր Իսրայելի ժողովուրդին Եգիպտոսէն գերութենէ ազատուելու ատեն։
Պետրոսէն կը խնդրէ արթննալ ու գօտին կապել` մատնանշելով այսպէս հրեաներու Զատիկին։ Իսկ զմայլելի լոյսը որ բանտին մթութիւնը լուսաւորեց Քրիստոսի Յարութեան լոյսն է։
Խօսքերը <<Հետեւէ Ինծի>> կ՛արձագանգեն Յիսուսին` Պետրոսի ուղղած առաջին խօսքը երբ հրաւիրեց զինք քալելու Տիրոջ հետ ու կատարելու Անոր կամքը։ Ահա այս է իսկական Ազատութիւնը։ Պետրոսի վերաբերմունքը զրամանք կը պատճառէ։ Մինչ քրիստոնեայ հասարակութիւնը իրեն համար կ՛աղօթէ, ինք մտահոգ չէ այլ կը հանգչի։ Այդ աղօթքներով շրջապատուած ինքզինք ամբողջութեամբ կը յանձնէ Տիրոջ։

Սիրելի բարեկամներ, յարեց Նորին Սրբութիւն, մեր աղօթքը ըլլալու է մշտական եւ ուրիշներու հետ զօրակից, մեր վստահութիւնը դնելով Աստուծոյ վրայ որ մեզ կը ճանչնայ ու մեր պէտքերը կը հոգայ։
Ճգնաժամային կացութեան ընթացքին է որ հասարակակաց աղօթքը կը դառնայ անհրաժեշտ որպէսզի կիրքերը չի գերիշխեն մեր վրայ եւ որպէսզի կարենանք պահել վկայելու ներքին ոյժը։ Ապա խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. Աղօթքը կ՛օգնէ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու որովհետեւ Աստուծոյ հետ միութիւնը խոր միութիւնն է նաեւ մեր մերձաւորներուն հետ։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն նշելով որ Մայիս ամիսը Աստուածամօր ջեռմերանդութեան ամիսն է ու հրաւիրելով երիտասարդները չ՛անտեսելու Սուրբ Վարդարանի աղօթքը. Սուրբ Կոյսին նեցուկը յայցեց Հիւանդներուն եւ նորպսակեալներուն յանձնարարց ունենալու Տիրամայրը որպէս ընտանեկան կեանքի տիպար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.