2012-05-09 12:07:21

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ


Բոլոր հայ պատմագիրները համաձայն են զինք կոչելու մեր պատմա-հայրը. Մովսէս ծնած է Դ. Դարուն վերջերը, Տարօնի Խորնի կամ Խորոնք գիւղը. Քեռորդին էր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ փոքր տարիքէն արդէն ցոյց տուաւ մտային եւ լեզուական մեծ յատկութիւններ, որոնք ուշադրութիւնը գրաւեցին Մեսրոպի։
Իր միւս ընկերներուն հետ, ընդունելէ ետք առաջին դաստիարա-կութիւնը Հայաստանի մէջ, ուղարկուեցաւ օտար երկիրներ, աւելի բարձր զարգացում ամբարելու համար։ Նախ մեկնեցաւ Եդեսիա, ապա Բիւ-զանդիոն, Աթէնք, Հռոմ, Անտիոք, Պաղեստին եւ նոյնիսկ Աղեքսանդրիա իր գաղափարներուն աւելի ընդարձակութիւն տալու եւ հայակական թարգմանութեանց արուեստին կատարեալ հմտութիւն ունենալու համար։ Քննեց մատենադարաններն ու գրքերը եւ իր ժամանակի անուանի իմաստուններուն աշակերտելով` եղաւ չափազանց հմուտ ամէն տեսակ գիտութեանց մէջ. Մարկիանոս կայսրը կ՛ըսէր իր մասին. Ով Մովսէս, յաչս ամենեցուն ընտրեալ են բանք բերանոյ քոյ, որպէս զառաջինս ի հռետորաց եւ դու կարի քաջացար յոյժ։ Մէկ խօսքով` զինք կ՛անուանէ առաջին միւս բոլոր հռետորներուն մէջ։
Իր Հայաստան դարձին` մեծ յուսախաբութիւն կը տիրէ իր վրայ, մանաւանդ երբ կը տեսնէ երկրի վիճակը. Երկար տարիներ կ՛ապրի թափառական եւ թշուառ ու աղքատ վիճակի մէջ, մինչեւ որ կաթողիկոսական գահին վրայ կը բարձրանայ իր նախկին դասընկերը, Գիւտ, որ զինք իր մօտ կանչելով, կ՛ազատէ այդ վիճակէն եւ ապա կը կարգէ զինք եպիսկոպոս Արշակունեաց շրջանի Բագրեւանդ Գաւառին։
Ան մահացած է Տարօն գաւառի մէջ, ըստ ոմանց 487 թուին, գրեթէ հարիւրամեայ, եւ թաղուած է Սուրբ Առաքելոց վանքի եկեղեցւոյն մէջ։ Իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է թարգմանութիւններով, իբրեւ հաւատարիմ աշակերտ Մեսրոպի. Սակայն բարեբախտաբար իր գրիչը գործածած է նաեւ շարադրելու իր նշանաւոր Պատմագրութիւնը, ըն-դարձակ հայոց պատմութիւն մը, որ կը սկսի աշխարհի ստեղծումէն եւ կը հասնի մինչեւ վերջին օրերը։ Սկսած է այս գրութեան Բագրատունեաց իշխան` Սահակի խնդրանօք, կատարելով նաեւ բաղդատական պատ-մութիւն մը ուրիշ ազգերու հետ, ինչ որ պատմական աւելի մեծ արժէք կ՛ընծայէ իր գրութեան։ Իր պատմագրութեան համար ունեցած է հինգ գլխաւոր աղբիւրներ.

Անշուշտ օգտագործած է նաեւ Սուրբ Գիրքը եւ ջանացած է հայոց պատմութիւնը յարմարեցնել անոր. Նմանապէս օգտուած է Եւսեբիոս Կեսարացիի պատմութենէն, Մարիբաս Կատինայէն, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ պատմիչներէ, որոնց անունները անծանօթ են մեզի։
Իր պատմութիւնը բաժնած է երեք մասի

Խորենացիին կ՛ընծայուին նաեւ Պիտոյից Գիրքը որ ճառեր կը բովանդակէ, Պատմութիւն Սրբուհւոյ Աստուածածնին եւ պատկերի նորա, Ներբող ի Սուրբ Հռիփսիմէ, եւ ի վերջոյ Ճառ Վարդավառի։
Խորենացիի պատմութիւնը թարգմանուած է շատ մը լեզուներու. Ան իրաւամբ կոչուած է մեր քերթողահայրը եւ յարգուած բոլորէն, նոյնիսկ օտար պատմագէտներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.