2012-05-08 13:17:10

ֆրանսաբնակ Հայերու Հանդիպումը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի Հետ։


Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան մնացորդներուն ծանօթանալու համար, Թուրքիոյ մէջ շրջագայող ֆրանսաբնակ հայերուն խումբը հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ ֆրանսահայերը հարցումներ ուղղած են Թուրքիոյ տարածքին սփռուած հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ եկեղեցիներու վերանորոգման, հայկական եկեղեցիներու մէջ թրքաբնակ հայերու կողմէ ծիսակատարութիւններ կատարելու հնարաւորութիւններուն մասին:
Արքեպիսկոպոս Աթէշեան իր պատասխանին մէջ ակնարկած է, թէ նման հարցերով սփիւռքահայութիւնը նուիրատուութիւններ չի կատարեր, իսկ առկայ խնդիրները պատրիարքարանը կը լուծէ տեղւոյն հայ բնակչութեան հնարաւորութիւններով:
Ան նաեւ բողոքած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ հոգեւոր սպասաւորներուն թիւը միայն 23 է, եւ Պոլսոյ 38 եկեղեցիները կը ղեկավարուին 19 կրօնաւորներու կողմէ: Թրքական օրէնքներուն պատճառով, Պոլսոյ պատրիարքարանը զրկուած է սեփական կարիքներուն համար աստուածաբաններ պատրաստելու հնարաւորութենէն, եւ քանի որ հայկական եկեղեցիներուն մէջ կրնան ծառայել միայն Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ապա հոգեւորական դառնալ ցանկացող քիչ դիմորդներէն, ամէն տարի հազիւ 4-5 հոգի կրթութեան կ՛ուղարկուի Երուսաղէմ եւ Պէյրութ: «Մեր ամենամեծ ցաւն ու դժուարութիւնը մեր ձեռքէն խլուած անշարժ գոյքի վերադարձն է: Ներկայիս Թուրքիոյ կառավարութիւնը խոստացած է զանոնք վերադարձնել եւ արդէն քանի մը հատը վերադարձուած է, սակայն վերադարձուելիք դեռ շատ ունեցուածք կայ: Թուրքիոյ մէջ խնդիրն այն է, որ իշխանութիւնը կը հրամայէ, իսկ դիւանակալութիւնը խոչընդոտներ կը դնէ», ըսած է արքեպիսկոպոս Աթէշեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.